Սուրբ պիտի հռչակուին աշխարական Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթի եւ միսիոնարուհի Մարիա Թրոնքաթի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ Սուրբերու դաստի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Սեմերարոյին հրապարակելու նոր սուրբերու եւ երանելիներուն վերաբերող հրամանագիրերը։
Յառաջիկայ 3 օգոստոսին, երիտասարդներուն նուիրուած յոբելեանին ժամանակ, եւ Փիէր Ճորճօ Ֆրասսաթիի մահուան հարիւր ամեակի կապակցութեամբ, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի երիտասարդ աշխարական, Ճորճօ Ֆրասաթթի պիտի սրբադասուի։ Ան յայտնի էր իր ընկերային խոր աշխատանքներու նուիրուածութեամբ, ինչպէս նաեւ հաւատքի եւ եղբայրսիրութեան տիպար ըլլալուն համար ու շատ սիրուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։
Ֆրասաթթի պիտի սրբադասուի հիմնուած իրեն բարեխօսութեան վերագրուած հրաշքի վրայ՝ ամերիկացի քահանայի մը ապաքինումը ծանր վնասուածքէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 2017ին։
Երիտասարդ Ֆրասաթթիի կողքին պիտի սրբադասուի նաեւ Մարիա Թրոնքաթթին, Սալեզեան միաբանութենէն մայրապետ մը, որ իր կեանքը նուիրեց Էքուատորի մէջ առաքելութեան։ Քոյր Թրոնքաթթի մահացած է 1969ին, թռիչքի արկածի հետեւանքով։ Ան ճանչցուած է 2015 թուականին տեղի ունեցած հրաշքի համար, որ կը ներառէ բնիկ մարդ մը, որ հրաշքով ապաքինուած է լուրջ վնասուելէ ետք։
Յառաջիկային երանելիներ պիտի հռչակուին նաեւ երկու մարտիրսոներ Վիեթնամցի քահանայ, հայր Ֆրանչէսքօ Սավէրիօ Տիէջ որ սպաննուած է 1646ին, անարդարութեան հակառակելու ամար եւ աշխարական Քոնկոլեցին Ֆլորիպէրթ Պվանա Պին Քոսիթի, սպաննուած 2007ին կաշառակերութիւնը դատապարտելու համար։
Աստուծոյ ծառայ պիտի հռչակուին Սպանացի կրօնաւոր Ճովաննա Տէլլա Քրոչէ եւ Զակապրիայի օգնական եպիսկոպոս Ճուզէփփէ Լանկ, անոնց անդադար աղօթքի եւ հաւատացեալներուն նուիրուած կեանքի համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ