Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կը ճաշէ աղքատներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ կը ճաշէ աղքատներուն հետ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ճաշէ աւելի քան հազար աղքատ անձերու հետ

Ֆրանչիսկոս Պապը Աղքատներու նուիրուած միջազգային օրը պիտի նշէ ճաշելով աւելի քան 1000 աղքատ անձերու հետ ու պիտի օրհնէ 13 բանալիներ որոնք կը ներկայացնեն այն 13 երկիրները ուր պիտի կառուցուին աղքատներու համար բնակարաններ, նաեւ Սուրիան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յառաջիկայ 17 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի նշէ աղքատներու նուիրուած ութերորդ միջազգային օրը ճաշելով աւելի քան հազար կարիքաւոր անձերու հետ ու պիտի օրհնէ 13 բանալիներ, որոնք կը ներկայացնեն այն 13 երկիրները, ներառեալ Սուրիան, ուր պիտի կառուցուին կարիքաւորներուն համար բնակարանները «Amvin Homeless Alliance9 «13 տուներ» ծրագիրին համաձայն։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս տարուան աղքատներու նուիրուած օրուան նիւթ ընտրեց Սիրաքայի գիրքէն քաղուած հատուածը, «Աղքատին աղօթքը կը բարձրանայ մինչեւ Աստուած», ընդգծելով աղքատներու կարեւորութիւնը ու Աստուծոյ սիրտին մէջ աղքատներուն առանձնաշնորհեալ տեղը։

Աղքատներու նուիրուած միջազգային օրուան նախորդող շաբաթը «Ողորմածութեան Մայր» բուժարանը կը տրամադրէ անվճար բժշկական օգնութիւն ընդլայնելով իր աշխատանքային ժամերը՝ կարիքաւորներուն աջակցութիւնը ապահովուելու համար։ Նախատեսուած են նաեւ տարբեր բարեգործական նախաձեռնութիւններ, ինչպէս դժուարութիւններու մէջ գտնուող ընտանիքներու համար ստացագիրներու վճարումը, համագործակցութեամբ ժողովրդապետութիւններուն եւ շնորհիւ UnipolSai կազմակերպութեան առատաձեռնութեան։

Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան իր ելոյթին մէջ կարեւորեց աղքատներու նուիրուած միջազգային օրը, որպէս առիթ աղքատներուն օգնելու համար, հրաւիրելով հասարակութիւնը աղօթելու աղքատներուն համար։

Աղքատներու միջազգային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագին մասնակցելու համար տոմսերը հասանելի են 13 նոյեմբերէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2024, 13:10