Գրիգորեան համասարանին մէջ գիրքի ներկայացում Գրիգորեան համասարանին մէջ գիրքի ներկայացում 

Կարդինալ Կուճերոթթի. Լիբանանը «Խոցուած ցնորք», որ պէտք է փրկուի բռնի մասնատումէն

Հռոմի Քահանայապետական Գրիգորեան համասրանէն ներս տեղի ունեցաւ «Echoes of the Lebanon crisis. Conflict or coexistence?» «Լիբանանի ճգնաժամի արձագանգները, հակամարտութի՞ւն, թէ՞ համակեցութիւն» վերնագիրով գիրքին՝ խմաբագրուած Գերապայծառ Սամուէլ Սանկալլի կողմէ, որ Գրիգորեան համասարանի «Սինդերզի» դպրոցին համակարգողն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 11 նոյեմբերին, Հռոմի Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Echoes of the Lebanon crisis. Conflict or coexistence?» «Լիբանանի ճգնաժամի արձականգները, հակամարտութի՞ւն, թէ՞ համակեցութիւն»վերնագիրով գիրքին՝ խմաբագրուած Գերապայծառ Սամուէլ Սանկալլի կողմէ, որ Գրիգորեան համասարանի «Սինդերզի» դպրոցին համակարգողն է։

Գիրքի ներկայացումին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին

Ծիրանաւորը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց տարբեր համայնքներու միջեւ համակեցութեան Լիբանանի փորձառութեան կարեւորութիւնը, սահմանելով զայն որպէս «խոցուած ցնորք» որ պէտք է պահպանուի՝ համաշխարհային բռնութեան աճումէն խուսափելու համար ու կարեւորեց թէ ինչպէս Լիբանանը կը ներկայացնէ քրիսոնեայ եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդներուն հարստութիւնը, որոնցմէ շատեր նշանակելի կապ ունին Հռոմի հետ։

Կարդինալ Կուճերոթթին, նշեց թէ Լիբանանի եզակիութեան սկզբնաղբիւրը սկիզբ առաւ Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, ուր կրօնական համայնքները կարող էին ինքակառավարուիլ «Միլլեթ» համակարգի շրջանակներէն ներս։

Կարդինալ Կուճերոթթին ապա Լիբանանի եկեղեցին նկարագրեց որպէս շրջող եկեղեցական փորձառութիւն մը, որ կապուած է տարբեր ցեղերու եւ աշխարհագրական ծագումով Քրիստոնեայ աւանդութիւններու հետ, որոնք դիմագրաւեցին համամիութենական եւ ինքնութեան մարտահրաւէրներ։ Ան յիշեց, որ տարբեր քաղաքական իսլամական համակարգերու միջեւ Օսմանեան կայսրութիւնը կրօնական փոքրամասնութիւններու մէջ ճանչցաւ ինքնակառավարման «Միլլեթ» ստեղծելու իրաւունքը, ինքնավար ազգեր, որոնք կազմուած են տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներէն, իրենց պատրիարքին գլխաւորութեամբ։ Լիբանանին մէջ այս տարբեր աւանդութիւններն ու հմտութիւնները չեն սահմանափակուէր ինքնակառավարման մէջ, այլ միասին կը նպաստեն երկիրը կառավարելու, ըսաւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն վերատեսչութեան վերատեսուչը։

Լիբանանի դեսպանուհի տիկին Միրա Տահեր իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Լիբանանը որպէս յոյսի եւ բազմազանութեան «աշխատանոց» յիշելով կրօնական ազատութեան եւ համակեցութեան կարեւորութեան արժէքները։
Տիկին Տահեր շեշտեց, թէ ինչպէս համայնքային քաղաքական համակարգը կը հանդիսանայ եւ՛ մարտահրաւէր եւ՛ հնարաւորութիւն, որոնք անհրաժեշտ են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու միասնութիւնը պահպանելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2024, 11:16