Կարդինալ Այուզօ Կիսօ Կարդինալ Այուզօ Կիսօ  (Vatican Media)

Իր մահկանացուն կնքեց միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսուչ Կարդինալ Անճէլ Այուզօ Կիսօ

72 տարեկանին երկարատեւ հիւանդութենէն յետոյ Իր մահկանացուն կնքեց, միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Անճէլ Այուզօ Կիսօ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբերին, 72 տարեկանին երկարատեւ հիւանդութենէն յետոյ իր մահկանացուն կնքեց, միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Անճէլ Այուզօ Կիսօ։ Ծիրանաւորը յայտնի էր իր բարութեամբ, խելամտութեամբ եւ խոր հաւատքով։ ԱՆ գործօն կերպով ներգրաւուած էր միջ կրօնական երկխօսութեան մէջ ու մասնակցած է Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միջ կրօնական նշանակալից ճամբորդութիւններուն, ներառեալ Արաբական միացեալ թագաւորութիւններուն, Իրաքի եւ Ղազախստանի մէջ։

Կարդինալ Այուզօ» ծնած է 17 յունիս 1952ին, ան կը պատկանէր  դունդ կաթողիկէ ընտանիքին ու նորընծայութեան շրջանը աւարտելէ ետք, որպէս անդամ Քոլոմպիաններու միսիոնարներուն միաբանութեան ծառայած է Եգիպոտսի եւ Սուտանի մէջ, ամբողջութեամբ նուիրուելով կաթողիկէ երիտասարդներուն օգնութեան։ 2007ին սկսած է համագործակցիլ միջ կրօնային երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի հետ, դառնալով 2012ին, քարտուղար ապա 2019ին, վերատեսուչ։

Կարդինալ Այուզոյի կեանքը յատկանշուած էր տարբեր դաւանքներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու յանձնարարութեամբ, խթանելով ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան եւ միութեան պատգամը։ Անոր մահը զգալի դատարկութիւն կը ձգէ միջ կրօնական երկխօսութեան համապատկերին մէջ։

Ալ Ազհարի աւագ իմամ, Ահմէտ էլ Թայէպի ցաւակցական գիրը Ֆրանչիսկոս Պապին

Կարդինալ Այուզոյի մահուան կապակցութեամբ Ալ Ազհարի աւագ իմամ, Ահմէտ էլ Թայէպ ցաւակցական գիր մը յղեց Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն մէջ իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնեց քահանայապետին, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու իր աղօթքը ապահովուեց Ամենակարող Աստուծոյ, որպէսզի մխիթարութիւն եւ համբերութիւն շնորհէ հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն։

Ցաւակցական գիրին մէջ Ալ Ազհարի աւագ իմամը նշեց, որ Կարդինալ Կիսոն մարդկութեան նուիրուած ծառայութեան նշանաւոր տիպար մըն է բարձր գնահատելով Կարդինալ Կիսոյի զգալի ջանքերը՝ մահմետականներուն հետ յարաբերութիւններուն ամրապնդման գործէն ներս։

Աւագ իմամը ապա ընդգծեց նաեւ կարդինալ Այուզոյի առանցքային դերը, մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը առաջ մղելու եւ տարածելու գործին մէջ Վատիկանէն ներս ու Անոր ներդրումը մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն կոմիտէին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2024, 08:41