Կարդինալ Այուզոն եղաւ իսկական եկեղեցական եւ ունէր գթասիրտ սիրտ մը. Կարդինալ Ռէ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 27 նոյեմբեր 2024ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալ Այուզոյին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ կարդինալական դասի աւագերէց կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէի ու մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալներուն Աւագերէցը խօսելով ննջեցեալի մասին ի միջի այլոց նշեց թէ ան 25 մայիս 2019ին, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանակուեցաւ Միջրկօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Նախագահ ու նոյն տարուայ Հոկտեմբերին Քահանայապետը անոր շնորհեց կարդինալական աստիճանը։
Կարդինալ Այուզոն յատուկ պատրաստակամութիւն ունէր այդ վերատեսչութեան գործունէութիւնը յառաջ տանելու համար, ուր ան ժրաջան աշխատանք տարաւ իսլամ, Հինդու, Պուտտիսթ, Սիք, Շինթոյիս, Քոնֆուչիս ու աւանդական կրօններուն վկայելու` թէ երկխօսութիւնը կարելի է անձնական բարեկամութեան միջոցաւ։
Ան արդարեւ համոզուած էր, որ այլ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը եւ ուղեւորութիւնը մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան...Ան եղաւ իսկական եկեղեցական մը եւ ունէր բաց սիրտ մը։ Ան ունէր յատուկ ունակութիւն` յարաբերութիւններ մշակելու մարդոց հետ։ Եւ երբ անցեալ օգոստոսին հասկցաւ թէ կեանքի օրերը համրուած էին, իր եղբօրմէ խնդրեց` որ իր անունով Վերատեսչութիւնը այցելէ, իր մահուընէ ետքը, շնորհակալութիւն յայտնելու իր համագործակիցներուն։
Ան ունէր գթասիրտ սիրտ մը` բոլոր կարիքաւոր անձերու նկատմամբ ըլլան հաւատացեալ կամ ոչ հաւատացեալ։ Ան իր հոգին աւանդեց առ Աստուած մեծ անդորրութեամբ, այն գիտակցութեամբ թէ «եթէ մանանեխի հատիկը հողին մէջ իյնայ ու չմեռնի մինակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ» (Յովհ. 12,23-28) ։
«Եւ մեր այս եղբայարակիցը շատ պտուղները տուաւ իրեն ու միւսներուն համար։ Անոր կեանքի ուսուցումը, Անոր նուիրումը բոլորի հետ երկխօսութեան ի սպաս, եղբայրութեան ու բարութեան իմաստով, թող երբեք չմոռցուի» ըսաւ կարդինալ Ռէն իր քարոզին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ