Որոնել

2024.11.20 La nuova edizione del "Rito delle esequie del Romano Pontefice"

Լոյս տեսաւ Քահանայապետի յուղարկաւորութեան ծիսակատարութեան գիրքի նոր հրատարակութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ ապրիլին վաւերացուց այս նոր հրատարակութիւնը որուն շարադրութիւնը յանձնուած էր Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու Գրասենեակին։ Գրասենեակի Պատասխանատու Գերապ. Ռավելլի հաստատեց թէ` նորոգուած ծէսը կը բացայայտէ թէ Քահանայապետին յուղարկաւորութիւնը նման է հովիւի ու Քրիստոսի աշակերտի յուղարկաւորութեան եւ ոչ թէ այս աշխարհիս մեծամեծի
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական ծիսակատարութեան Գրասենեակը ի լոյս ընծայեց « Ordo Exsequiarum Romani Pontificis» այսինքն Քահանայապետի Յուղարկաւորութեան կարգի երկրորդ հրատարակութիւնը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուցած էր անցեալ 29 ապրիլ 2024ին եւ կը պարունակէ նորութիւններ` 1998 առաջին հրատարակութեան բաղբաղմամբ։ Հիմնական փոփոխութիւններու շարքին է մահուան դիտարկումը, որ այլևս ոչ թէ հանգուցեալի սենեակին մէջ, այլ մատրան մէջ կը կատարուի, և դիակի անյապաղ յանձնումը դագաղին՝ ապա հանգուցեալը ցուցադրել բաց դագաղի մէջ` հաւատացեալներու մեծարանքի համար։

Ծիսակարգին վերանայումը ընդգծեց ծէսը պարզեցնելու անհրաժեշտութիւնը՝ աւելի լաւ արտացոլելու Եկեղեցւոյ հաւատքը և Պապի կերպարը՝ որպէս հովիւ: Ծիսակարգի կառուցուածքը վերափոխուած է՝ հիմնուելով Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի և Պենետիկտոս ԺԶ-ի յուղարկաւորութեան փորձի վրայ և թարմացուած է նոր Սահմանադրութեան՝ «Prædicate Evangelium»-ի հիման վրայ:

Յուղարկաւորութեան երեք աւանդական կայանները պահպանուած մնացին. առաջինը հանգուցեալի տան մէջ, մարմնի ճշգրիտ տեղադրմամբ փայտէ և ցինկէ դագաղի մէջ. երկրորդը Վատիկանի Պազիլիքայի մէջ՝ մարմնի անմիջական ցուցադրութեամբ դագաղի մէջ. վերջապէս, երրորդը դէպի թաղման վայր, որ աւելի պարզ դարձած է շնորհիւ աւանդական երեք դագաղներու վերացման: Բառամթերքը ապա միաձեւուած է 2008 թուականի Missale Romanum բառամթերքին և պարզեցուած է հայրապետական տիտղոսներուն մէջ:

Առանձնայատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ ծիսական կարգի գրութիւններուն, որոնք համահունչ են Հռոմէական Պատարագամատոյցի երրորդ հրատարակութեան հետ։ Աւելին, ինը օր շարունակ յիշատակուող մահացած Պապի պատարագները կը ներկայացնեն չորս աղօթքի ձևեր զոր կարելի է ընտրել: «Ordo Exsequiarum-ը չի ներառեր մեծ յաւելուած՝ դառնալով աւելի պարզ գործառական և մատչելի գիրք պապական յուղարկաւորութիւններու արարողութեան ու հասարակութեան ներգրաւման համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2024, 07:55