Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխատիլ ականներէ զերծ ապագայի համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ուղերձ մը յղեց հակամարդկային ականներուն դաշինքի հինգերորդ վերանայման համաժողովի կապակցութեամբ։
Ուղերձին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր զօրակցութիւնը ու մօտիկութիւնը կը յայտնէ հակամարդկային ականներուն դաշինքի հինգերորդ վերանայման համաժողովի կապակցութեամբ ընդգծելով այս միջազգային միջոցի կարեւորութիւնը՝ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ համաշխարհային անվտանգութիւնը խթանելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ կը ճանչնայ ու կը գնահատէ դաշինքի իրականացման 25 տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած առաջընթացը, սակայն կ՝ընդգծէ հակամարդկային ականներուն կիրառման ու անոնց կործանարար հետեւանքով առաջացած մշտական մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս անմեղներուն դէմ, որոնց շարքին բազմաթիւ անչափահասները, նշեց Վատիկանի Պետական քարտուղարը աւելցնելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՝ընէ աւելի մեծ պատասխանատուութեան եւ Պետութիւններուն կողմէ հաւաքական գործողութիւններուն, յորդորելով դադրեցնելու նման սարքերուն օգտագործումը եւ յարգելու արդեն իսկ ստացուած պարտաւորութիւնները։
Կարդինալ Փարոլին ուղերձին մէջ գրեց, որ ֆրանչիսկոս Պապ կը գնահատէ մարդասիրական աշխատաւորներուն եւ կազմակերպութիւններուն աշխատանքները, յատկապէս անոնք որոնք ոգեշնչուած են հաւատքէն ու կ՝աջակցին զոհերուն ինչպէս նաեւ կը նպաստեն խաղաղութեան, ի յայտ բերելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ շարունակական առաքելութիւնը աւելի լաւ եւ արդար աշխարհ մը նպաստելու մէջ։
Կարդինալ Փարոլին ուղերձը կ՝աւարտէ փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնները համաժողովի մասնակիցներուն ու յայտնելով նորին Սրբութեան այն յոյսը, որ թափուած բոլոր ջանքերը կարենան յանգեցնել ականներէ զերծ ապագայի եւ արդիւնաւէտ օգնութեան, անոնց որոնք կը տառապին ականներու հետեւանքներէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ