Ֆրանչիսկոս Պապ. Բնապահպանական խնդիրներէն ամենաշատ տուժողները աղքատներն են
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին, Վատիկանի «Սան Քալիսթօ» անուան պալատէն ներս տեղի ունեցաւ «Բնապահպանական խնդիրներուն անդրադառնալ «Գովեալ Ըլլաս» եւ «Աստուած Փառաբանել» լոյսին ներքոյ, փորձառութիւններ Լատին Ամերիկիոյ մէջ» խորագիրով գիտաժողով, նախաձեռնութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ Լատին Ամերիկեան երկիրներուն դեսպաններուն։
Գիտաժողովին ընթացքին բացայայտօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ բնապահապական ճգնաժամերուն, ուշադրութիւն հրաւիրելով կլիմայի առկայ փոփոխութեան մարտահրաւէրներուն, հաւաքական եւ համերաշխ արձագանգելու հրատապութեան վրայ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գիտաժողովին մասնակցիներուն յղած պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ կլիմայի փոփոխութեան նշանները անհերքելի են ու յատկապէս կ՝ազդեն խոցելի ազգերու վրայ, շեշտելով բնութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Միջոցառումի ընթացքին բազմաթիւ բանախօսներ կիսեցին իրենց մտորումները։ Կարդինալ Ռոպէրթ Ֆրանսիս Փերվոսթ ընդգծեց քալեր ձեռնարկելու կարեւորութիւնը, յիշեցնելով, որ մարդ արարածը պատասխանատուութիւն ունի արարչագործութիւնը մատակարարելու եւ պէտք է խուսափիլ բնութեան հետ բռնակալ յարաբերութենէն։ Ծիրանաւորը նշեց նաեւ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը կայունութեան համար, վկայակոչելով արեւային վահանակներու տեղադրումը։
Կարդինալ Փիթեր Ափիա Թուրքսոն ընդգծեց հարստութիւններուն արդար կառավարման կարեւորութիւնը, ընդգծելով որ ձախողութիւնը կը կայանայ արարչագործութեան պարգեւները չկիսելու մէջ ու կրկնեց ժխտողական շարժումներուն դէմ գործողութիւններուն կոչը, որ կը նսեմացնեն կլիմայի ճգնաժամերը։
Ինչ կը վերաբերի Գիտութիւններուն քահանայայապետական կաճարին ի յայտ եկաւ արմատական ընկերային փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, բնապահապնական ճգնաժամերը լուծելու համար։
Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ Փաուլօ Ռուֆինի ընդգծեց տեղեկատուութեան կարեւորութիւնը, դատապարտելով կեղծ լուրերու տարածումը, որոնք կարող են շփոթութիւնը եւ անտարբերութիւն առաջացնել կլիմային ճգնաժամի նկատմամբ, փոխարէնը խթանեց պատմութիւնը ճշմարտութեամբ պատմելու պատասխանատուութիւնը։
Տարբեր Պատուիրակներուն ներկայացուցիչները, ինչպէս Պոլիվիայի դեսպան ու փոխ նախագահը, ընդգծեցին բնապահպանական մարտահրաւէրները խիզախօրէն դիմակայելու կարեւորութիւնը, նկատել տալով թէ ինչպէս դրամատիրութիւնը եւ եսասիրական քաղաքական ընտրութիւնները կործանարար ազդեցութիւններ ունին խոցելի բնակչութեան վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ