Պաշտպանել անոնց, որոնք կը պայքարին «Ընդհանուր տան» համար։ Լատին Ամերիկիոյ մէջ զօրակցութեան արշաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հոնտուրասի մէջ Խուան Անթոնիօ Լոփէզի սպանութիւնը խորապէս ցնցեց Լատին Ամերիկեան հասարակութիւնը՝ ընդգծելով տարածաշրջանի մէջ մարդու եւ շրջակայ միջավայրի իրաւունքները պաշտպանողներուն ծանր եւ վտանգաւոր իրավիճակը։
Թրուժիլլօ թեմերու ընկերային հովուական ծառայութեան պատասխանատու, Լոփէզը այն բազմաթիւ այր մարդերէն եւ կիներէն մէկն է, որոնք իրենց կեանքով կը պաշտպանեն ուրիշները եւ մեր մոլորակը։ Անոր մահը ընդգծեց Լատին Ամերիկիոյ մէջ արդարութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան համար պայքարողներուն խոցելիութիւնը։
Ի պատասխան այս ողբերգական իրավիճակին, կրօնային եւ ընկերային տարբեր կազմակերպութիւններ՝ գլխաւորութեամբ Լատին Ամերիկիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախաձեռնեցին «Կեանքը թելէն կախուած է» արշաւը։
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ եւ ճանչնալ մարդու եւ շրջակայ միջավայրի իրաւունքներուն համար պայքարողներուն աշխատանքները «Հիւսելով ապագան եւ պաշտպանել կեանքը» կարգախօսով միջոցառումի միջոցաւ։
Մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան եւ Լատին Ամերիկայի համար Քահանայապետական յանձնաժողովին կողմէ նախաձեռնուած արշաւը կը փորձէ տեսանելի դարձնել քաղաքական գործօն անձերուն խորհրդանշական դէպքերը եւ լուծել բնապահպանական, խօսքի ազատութեան եւ քաղաքացիական մասնակցութեան հետ կապուած հարցերը։
«Հիւսել ապագան եւ պաշտպանել կեանք» կարգախօսով արշաւի ներկայացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ։
Ներկայացումին ելոյթ ունեցողներուն շարքին, Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի ընդգծեց երկխօսութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը՝ պատերազմները լուծելու համար հաստատելով, որ կեանքը Սուրբ պարգեւ է մըն է զոր մենք չենք կրնար անտեսել, մասնաւորապէս երբ վտանգուած է։ Ծիրանաւորը ուշադրութեան հրաւիրեց ընկերութեան վրայ ազդած բռնութեան եւ անպատժելիութեան հարցին վրայ։
Նորանշանակ կարդինալ Ժէմ Սփենկլեր շեշտեց սպաննուած ղեկավարներուն համար արդարութեան անհրաժեշտութիւնը եւ դատապարտեց մահուան մշակոյթը, ընդգծելով թէ ինչպէս հաւատքը կը միացնէ անձերը ընկերային հիւսուածքին կառուցման մէջ։
Լատին Ամերիկիոյ համար քահանայապետական յանձնաժողովի քարտուղար, Էմիլչէ Քուտա ընդգծեց, որ Եկեղեցին կը գործէ Աւետարանին համար, այլ ոչ թէ քաղաքական եւ ընկերային պատճառներով եւ մատնանշեց ընկերային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ հակամարտութիւնները լուծելու համար։
Արշաւը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 10 դեկտեմբեր 2025 թուականը, նպատակ ունի կեանքի մշակոյթը գերակայել բռնութեան վրայ ու այս գծով եկեղեցական առաջնորդները յորդորեցին իրենց հասարակութիւնները ծառայելու խոցելիներուն եւ տարածելու «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին սկզբունքները ժողովրդապետութիւններուն եւ հաւատացեալի առօրեայ կեանքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ