Եպիսկոպոսներուն սինոդը Եպիսկոպոսներուն սինոդը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Գումարուեցաւ Եպիսկոպոսներու սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան սովորական խորհուրդի առաջին ժողովը

Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւնը մը տեղեկացուց, որ երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին գումարուեցաւ Ընդհանուր քարտուղարութեան սովորական խորհուրդի առաջին ժողովը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան 16րդ կանոնաւոր խորհուրդի առաջին հանդիպումը։ Լուրը հաղորդեց Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրպարակելով հաղորդագրութիւն մը ուր կը նշուի թէ Հանդիպումը սկսաւ աղօթքով ապա ընդհանուր քարտուղարութեան միջազգային Աստուածաբանական յանձնաժողովի քարտուղար գերպ Փիերօ Քոտա ներկայացուց զեկոյց մը , եպիսկոպոսներուն սինոդի սովորական ընդհանուր ժողովի անդամներէն (2-27 հոկտեմբեր 2025)ին որդեգրուած եւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընդունուած վերջնական փաստաթուղթի եկեղեցաբանական հեռանկարներու վերաբերեալ։ Ժողովի աւարտին հետեւեց հարուստ բանավէճ։

Հանդիպումի ընթացքին Խորհուրդի անդամները քննարկեցին շարք մը նախաձեռնութիւններ եւ թեմաներ, որոնք պէտք են մշակուին, տեղական եկեղեցիները ուղեկցելու համար վերջնական փաստաթուղթին իւրացման ու անոր առաջարկութիւնները կիրառման հարցերուն մէջ։

Ընդհանուր քարտուղարութենէն խնդրուած է մշակել նախագիծ մը, որ կեդրոնացած է սինոդականութեան կազմաւորման եւ եկեղեցիները ուղեկցելու վրայ, առաջարկելու համար Խորհուրդին յառաջիկայ 2025 թուականին փետրուարին նախատեսուած հանդիպումին։

Եզրափակելով ժողովը ընդհանուր քարտուղար, կարդինալ Մարիօ Կրէքը յիշեցուց խորհուրդի անդամներուն իրենց դերը «որպէս Սինոդական դեսպաններ իրենց տեղական եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը կարողանայ աւելի շատ սիրահարուի սինոդական եկեղեցւոյ։

Յայտնենք թէ անցեալ 13 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ անուանեց սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան 16րդ խորհուրդի անդամներ։ Առաջին անգամուան համար այդ խորհուրդի անդամներ նշանակուեցան երկու կիներ, որոնք եպիսկոպոսներ չեն։ Քոյր Պրամպիլլա եւ Մարիա Լիա Զերվինօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2024, 10:00