2020.12.18 mostra 100 presepi in Vaticano

8 դեկտեմբերին «100 մսուրներ Վատիկանի մէջ» ցուցահանդէսի բացում

Եօթներորդ տարին ըլլալով Վատիկանի մէջ կազմակերպուած է հարիւր մսուրներու ցուցահանդէսը, որուն բացումը նախատեսուած է Կիրակի 8 դեկտեմբերին, Յոբելենական Սուրբ տարւոյն սկիզբի նախօրէին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի եւս Սուրբ Ծնունդէն մի քանի օրեր առաջ` եօթներորդ տարին ըլլալով Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն տակ պիտի ներկայացուին աշխարհի տարբեր երկիրներէ արուեստագէտներու իրագործած Յիսուսին Սուրբ Ծնունդը նկարագրող մսուրները «100 մսուրներ Վատիկանի մէջ» դէպի Յոբելեան խորագիրին տակ, ի տես յառաջիկայ 24 դեկտեմբերին սկիզբ առնող Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան։

Արդարեւ ցուցադրուած աշխատանքներէն շատերը ներշնչում քաղած են «Յոյսը, որ յուսախաբ չի թողուր» Սուրբ Տարին հռչակող կոնդակէն։

Ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է Կիրակի 8 դեկտեմբերի ժամը չորսին Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչ եւ Յոբելենական Տարուան կազմակերպութեան պատասխանատու` Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլայի նախագահութեամբ, մասնակցութեամբ վերատեսչութեան անդամներուն ու Հռոմի Քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն։ Բացման արարողութեան առիթով նախատեսուած են սուրբ ծննդեան երգերուն նուիրուած համերգ։

Այս տարի պիտի ցուցադրուին 125 մսուրներ որոնք ժամանած են եւրոպական տարբեր երկիրներէ, ինչպէս Ֆրանսա, Սան Մարինօ, Խրուաթիա, Լեհաստան, Գերմանիա, Հունգարիա, Չեխիա, Սլովաքիա, Սլովենիա, Սպանիա ապա նաեւ աշխարհի այլ վայրերէն ինչպէս` Միացեալ Նահանգներ, Քոսթա Ռիքա, Վենեզուելլա, Պրազիլ, Մալի, Ճափոն, Ֆիլիփիններ, Թայուան, Փարակուէյ։ Այս երկիներէն շատեր Սուրբ Աթոռի մօտ ունին համապատասխան դեսպանութիւններ, որոնց վստահեցաւ միջոցառման ի նպաստ գործել իրենց երկրներուն մէջ: Անոնց շարքին Ֆրանսիայի, Սան Մարինոյի, Խրուաթիայի, Լեհաստանի, Հունգարիոյ, Սլովաքիայի, Սլովենիայի, Թայուանի եւ Փարակուէյի դեսպանատուները։

Մսուրներու շարքին է «Յոբելեանի նաւը», որ ստեղծագործութիւնն է Ֆիրենցէ քաղաքի «Մսուրներու քաղաք» ընկերակցութեան, եւ կը պատկերացնէ Յոբելեանի նշանաբանը։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ գրեթէ մէկ ամիս սկսեալ 8 դեկտեմբեր 2024 էն մինչեւ 6 Յունուար 2025, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան 7,30։ Մուտքը ազատ է եւ անոր կազմակերպութեան հարցով կը զբաղին Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կամաւորները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2024, 14:08