Տարեցները տնտեսական հնարաւորութիւններու խաչմերուկ․ Գերապայծառ Փալիա
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Առաջնակարգ հասարակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը պէտք են տարեց քաղաքացիներուն առաջարկել «իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու քաղաքացիական հասուն զգացում»՝ «տարեցներէն սկսեալ եւ անոնց վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով», ինչը կարող է նպաստել «ներառական եւ համատարած զարգացման»: Այս միտքը ընդգծեց Կեանքի ՔահանայապետականԿաճառի եւ Հասուն Տարիք Հիմնադրամի նախագահ Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիան՝ Դեկտեմբեր 2ին, Հռոմի մէջ Սուրբ Քալիսթօ պալատէն ներս կազմակերպուած «Վերամտածել տարեցներու ներկայութիւնը արաբական եւ եւրոպական հասարակութիւններու մէջ» տիտղոսով կլոր սեղանի ընթացքին։
Ան Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Իրաքի, Քուէյթի, Մարոքի, Քաթարի, Թունիսի, Եմէնի եւ «Արաբական Երկիրներու Լիկայի» դեսպաններուն ներկայացուց Իտալիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տարեցներու կարիքներուն արձագանքելու նպատակով շարադրուած՝ «Տարեցներու Իրաւունքներու եւ Համայնքի Պարտականութիւններու վերաբերեալ Կանոնադրութիւնը»՝ ուր համոզմունք կ’արտայայտուի, որ «տարեցները հարց չեն, ընդհակառակը՝ ողջ հասարակութեան աճի հնարաւորութիւն են»։
Տարեցներու ֆիզիկական հնարաւորութիւններու պակասը չմեկնաբանել որպէս որոշումներ կայացնելու անկարողութիւն
Կանոնադրութիւնը բաղկացած է երեք բաժիններէ եւ կը կեդրոնանայ տարեցներու արժանապատուութեան եւ խնամքի հետ կապուած իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու եւ բովանդակալից ընկերային յարաբերութիւններ երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Առաջին բաժնին մէջ կ’ընդգծուի տարեցներու իրաւունքը՝ տեղեկացուած ըլլալու եւ իրենց կեանքի վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու․ «ընտանիքի անդամներու եւ տարեցներու հետ շփուողներու պարտականութիւնն է անոնց տրամադրել մտային եւ ֆիզիկական պայմաններուն համարժէք ամբողջ տեղեկատուութիւնը, որոնք անհրաժեշտ են ազատ, լիարժէք եւ գիտակցուած ինքնորոշման համար» եւ ֆիզիկական հնարաւորութիւններու պակասը չմեկնաբանել որպէս ընտրութիւն կամ որոշումներ կայացնելու անկարողութիւն», ընդգծեց Գերապայծառ Փալիան:
Երաշխաւորել յարաբերութիւններու կեանք մը
Երկրորդ բաժինը կը վերաբերի որակեալ առողջապահութեան կարեւորութեան եւ տնային խնամք առաջարկելու անհրաժեշտութեան: Մինչ, երրորդ բաժինը կ’անդրադառնայ տարեցներու կեանքի յարաբերութիւններուն՝ յատուկ կերպով մատնանշելով միայնութեան եւ մեկուսացման, ինչպէս նաեւ համավարակի հետեւանքով սրուած երեւոյթներուն։
Ի հաւելում ըսուածի, ՔահանայապետականԿեանքի Կաճառի նախագահը առաջարկեց ստեղծել ցերեկային կեդրոններ յիշողութեան կամ անբուժելի տեւական հիւանդութիւններով տառապող մարդկանց համար։
Յանուն ներառական եւ համատարած զարգացման
Եզրափակելով իր խօսքը Գերապայծառ Փալիա նշեց, որ տարեցները տնտեսական հնարաւորութիւններու խաչմերուկ են, եւ թէ անոնցմէ սկսելով հնարաւոր է սկիզբ տալ հասարակութեան նոր վերածնունդի մը։ Ըստ անոր տեսլականի տարեցներուն պէտք է դիտարկել որպէս աշխոյժ եւ ընդունակ դերակատարներ առ աւելիով ներառական եւ աջակցող համայնք կառուցելու գործին մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ