Յոբելենական սուրբ տարի` “recognitio”ի արարողութիւնը

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2 դեկտեմբերի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ “recognitio”ի արարողութիւնը, որով կը քննարկուի եւ կը հաստատուի, եթէ Սուրբ Դուռը, որ փակուեցաւ վերջին Յոբելեանին, անձեռնմխելի և կնքուած է ու պատրաստ է վերաբացուելու նոր Սուրբ Տարուան առիթով:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Պազիլիքայի Աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթիի աղօթքով մինչ «sampietrini» կոչուած Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի շինարարութեամբ զբաղող աշխատաւորները տապալեցին Պազիլիքայի Սուրբ Դռան ներքին պատը, դուրս բերելով այնտեղ պահուող մետաղեայ արկղը, որ այնտեղ զետեղուած էր վերջին՝ Ողորմութեան Յոբելեանի փակման օրուընէ ի վեր` նոյեմբերի 2016-ին։

Արկղին մէջ պահպանուած է բանալին, որով կարելի պիտի ըլլայ բանալ Սուրբ Դուռը` յառաջիկայ 24 դեկտեմբերին։ Արկղին մէջ կային նաեւ բռնակները, մագաղաթը, որ կը վկայէ դռան փակումը, չորս ոսկեայ աղիւսներ և որոշ մետալներ, որոնց շարքին Ֆրանչիսկոս, Պենետիկտոս ԺԶ և Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետերու մետալները:

Բացումէն ետք Կարդինալ Կամպեթթին գլխաւորեց յատուկ մէջ թափորը, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Դռնէն մինչեւ Խոստովանանքի Խորանը, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը, որմէ ետք Պազիլիքայի մէկ սրահին մէջ կատարուեցաւ մետաղեայ արկղին բացումը, որուն պարունակութիւնը յանձնուեցան Գերապ. Տիեկօ Ռավելլիին, Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու Արարողապետը, որ իր կարգին զանոնք պիտի յանձնէ Ֆրանչիսկոս Պապին։

Նշենք թէ այսօր` 3 դեկտեմբերի կէսօրէն ետքը նոյն արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ, ապա հինգ դեկտեմբերին Սուրբ Պօղոս Քահանայապեական պազիլիքային մէջ հուսկ ամսուն վեցին Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ, որով կ՛աւարտի Հռոմ քաղաքի Քահանայապետական չորս պազիլիքաներուն “recognitio”ի արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2024, 11:43