«Յոյսին դռները». Գալստեան շրջանի մտածականները Վատիկանի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս տարի եւս Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենան Յիսնակաց շրջանի լատինաց մօտ «Գալստեան» շրջանի սուրբ Ծննդեան պատրաստութեան մտածականները, որոնք պիտի կայանան Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս` 6, 13 եւ 20 դեկտեմբերին, նորանշանակ Քահանայապետական Տան Քարոզիչ` Քափուչին միաբանութեան անդամ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինիի գլխաւորութեամբ, որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «Յոյսին դռները, դէպի Սուրբ Տարուան բացում Սուրբ Ծնունդի մարգարէութեան ընդմէջէն»։
Մտածականներու նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրուած են մասնակցիլ նաեւ Հռոմի Քուրիայի անդամները, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, աշխարհականներ ու Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի աշխատակազմի անդամներ։
«Այս տարի Գալստեան շրջանը մեզ չի պատրաստեր միայն Սուրբ Ծննդեան, այլ մեզի կ՛ընկերանայ դէպի յառաջիկայ Յոբելեան» կը գրէ Հայր Փազոլինին Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութեան միջոցաւ ուղարկած իր հրաւէրին մէջ նշելով որ ասիկայ նաեւ առիթ է նորոգելու «Աստուծոյ կենդանի սիրոյն փորձառութիւնը, որ սրտին մէջ կը հրահրէ Քրիստոսի փրկութեան վստահելի յոյսը» (Յոբելենական կոնդակ` 6)։
«Մարգարէներուն ձայները մեզ կը խրախուսեն չկորսնցնելու դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տանող ուղեւորութեան ուղեցոյցը ու զանոնք ունկնդրելով կարող ենք ճանչնալ որոնք ենք դռները որոնք նորոգուած յոյսով մեզ կը տանին մեր մարդկայնութեան խորհուրդին մէջ» կը գրէ ի միջի այլոց միշտ Հայր Փազոլինի ակնարկելով երեք դռներու` զարմանքին դուռը, որպէսզի գիտնանք հիանալ աշխարհի և պատմութեան մէջ առկայ Աւետարանի սերմերով: Վստահութեան Դուռը որպէսզի քալենք դէպի միւսները բաց ու յարգալից սրտով ապա փոքրութեան դուռը որպէսզի վախ չունենանք դառնալու մենք զմեզ։
Մտածականներու նիստերը նախատեսուած են իւրաքանչիւր ուրբաթ օր առաւօտեան ժամը ինին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ