HUMAN RIGHTS WATCH-ն Ու ՄԱԿ-ը Հայաստանի մասին զեկոյցներ հրապարակած են:
Human rights watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ աշխարհի մօտ 100 երկիրներու, որոնց շարքին Հայաստանի մասին վերլուծութիւններ կան։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ընդհանուր անդրադառնալով 2018 -ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին, փտածութեան դէմ պայքարին ու արդարադատութեան, այնուհետեւ առանձին ոլորտներու մէջ կ՛անդրադառնայ հարցերու քննարկման: Մասնաւորապէս, անդրադառնալով բողոքի ցոյցերու ժամանակ ոստիկանութեան կողմէ ուժի կիրառելու հարցերուն` կազմակերպութիւնը կ՛արձանագրէ․
«Իշխանութիւնները վերսկան 2008-ին ցուցարարներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ տեղի ունեցած մահաբեր բախումներու հետաքննութիւնը, եւ 2019-ի Յունիսին մեղադրանք առաջադրեցին բարձրաստիճան պաշտօնեային` ցոյցը ցրելու ժամանակ ցուցարարի սպանութեան համար: Այնուամենայնիւ, 2016 եւ 2015 թուականներուն խաղաղ ցուցարարներու եւ լրագրողներու նկատմամբ ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի կիրառման երկու դէպքի քննութիւնը կը մնայ կասեցուած»,- գրուած է զեկոյցին մէջ:
Human rights watch կ՛անդրադառնայ նաեւ իրաւապահ ուժերու եւ ցուցարարներու միջեւ 2019 -ին տեղի ունեցած միջադէպերուն, որոնք կապուած են Ամուլսարի ոսկիի հանքի շինարարութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերուն հետ:
«Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրի շինարարութիւնը վերսկսելու դէմ կազմակերպուած բնապահպանական բողոքի ցոյցերը վերածուեցան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու, երբ անվտանգութեան աշխատակիցները արգիլեցին ցուցարարներուն հաւաք ունենալ խորհրդարանին մօտ գտնուող հասարակական այգիին մէջ: Ոստիկանութիւնը կարճ ժամանակով ձերբակալեց վեց ցուցարարներ` ոստիկաններու պահանջքին չենթարկուելու համար: Նոյն հարցին շուրջ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան Ջերմուկի մօտ, ուր տեղի բնակիչները եւ բնապահպանական աքթիւիստները փակած էին հանքավայր տանող ճանապարհները` ընդդիմանալով անոր կառուցման բնապահպանական եւ տնտեսական նկատառումներով»,:
Զեկոյցին մէջ բաւական ծաւալուն անդրադարձ կայ նաեւ ընտանեկան բռնութեան դէպքերուն եւ իրաւապահ համակարգի այս ոլորտին մէջ գործունէութեան:
«Ըստ պաշտօնական տուեալներու` 2019 թուականի առաջին կէսին իշխանութիւնները հետաքննութիւն կատարեցին ընտանեկան բռնութեան 331 քրէական դէպքով, որոնց շարքին` նոր յարուցուած 176 գործով: Մեղադրանք առաջադրուեցաւ 209 գործով, 45 գործ ուղարկուեցաւ դատարան: Սակայն շատ դէպքերու պարագային իշխանութիւնները չեն պաշտպաներ ընտանեկան բռնութեան զոհ դարձած կիներն եւ երեխաները` վտանգելով անոնց կեանքը եւ բարեկեցութիւնը»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Human rights watch-ի համաշխարհային զեկոյցին զուգահեռ` հրապարակուած է նաեւ ՄԱԿ-ի «Գաղթականութեան համաշխարհային զեկոյց»-ը: Ըստ որուն` Հայաստանը կը յիշատակուի տարուան ընթացքին բնակչութեան եւ արտագաղթող մարդոց թուային յարաբերակցութեամբ բացասական ցուցանիշներ արձանագրած 20 երկիրներու շարքին: Այդ ցոյցակին մէջ Հայաստանը 18-րդն է:
Քաղուած Եռագոյնէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ