1660768069886.jpg

Եւրոպական Միութեան մէջ այս տարի մրցանշային 700 հազար հեկտար անտառ այրած է

Եւրոպական անտառային հրդեհի տեղեկութեան համակարգի տուեալները ցոյց կու տան, որ ամէնէն շատ վնասուած շրջանը Սպանիան է, ուր 283.000 հեկտար այրած է, անոր կը յաջորդեն Ռումանիան (150.735 հեկտար), Փորթուգալը (86.631 հեկտար), Ֆրանսան (62.102 հեկտար) եւ Իտալիան (42.835 հեկտար):
Ունկնդրէ լուրը

Անտառային հրդեհները այս տարի մինչեւ հիմա Եւրոպական Միութեան մէջ մրցանշային 700 հազար հեկտար հրկիզած են, ինչ որ տուեալներու պահման սովորութեան սկիզբէն ի վեր մեծագոյնն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ը` աւելցնելով, որ 700.000 հեկտարը Լիւքսամպուրկի տարածքէն շուրջ երեք անգամ մեծ է կամ մօտաւորապէս Ազրպէյճանի չափ է:

Եւրոպական անտառային հրդեհի տեղեկութեան համակարգի տուեալները ցոյց կու տան, որ ամէնէն շատ վնասուած շրջանը Սպանիան է, ուր 283.000 հեկտար այրած է, անոր կը յաջորդեն Ռումանիան (150.735 հեկտար), Փորթուգալը (86.631 հեկտար), Ֆրանսան (62.102 հեկտար) եւ Իտալիան (42.835 հեկտար):

Կլիմայի փոփոխութիւնը աճեցուցած է Եւրոպայի տարածքին հրդեհներու հաւանականութիւնն ու խստութիւնը: Այս տարի բազմաթիւ հրդեհներ յառաջացած էին տաքի շարք մը ալիքներէ: Հրդեհներու ծագիլը նաեւ դիւրացուցած է երաշտը, որ Եւրոպական յանձնաժողովի հետազօտութեան միացեալ կեդրոնին համաձայն, կրնայ անցնող 500 տարուան մէջ յոռեգոյնը ըլլալ:

Նշենք, որ երաշտին պատճառով Եւրոպայի գետերու մակարդակին ցածնալը հնագէտներու կողմէ ողջունուած է: Սպանիոյ մէջ Վալտեքանաս ամբարտակի ջուրի մակարդակի 28 առ հարիւրով նուազեցման պատճառով ջուրերէն դուրս եկած է «սպանական Քարահունջ»-ը: Տանիւպ գետի ջուրի մակարդակի անկումին պատճառով Սերպիոյ գետեզերեայ Փրահովօ քաղաքի նաւահանգիստին մօտ յայտնաբերուած են Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին ընկղմած գերմանական 20 մարտանաւեր: Յուլիսին Իտալիոյ Փօ գետին մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն մնացած 450 քիլոկրամ կշիռքով ռումբ մը յայտնաբերուած էր:

Նշենք, որ երաշտէն ետք Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ մէջ շաբաթավերջին առատ անձրեւին պատճառով ողողումներ եղան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2022, 08:55