Գերապայծառ Ճիուզեփէ Սփիթերի այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի Գերապայծառ Ճիուզեփէ Սփիթերի այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի 

Գերապայծառ Ճիուզեփէ Սփիթերի այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի։

Գեր. Սփիթերի ընդգծեց, որ Վատիկան հետաքրքրուած է Մայրիներու երկիրով եւ կը հետեւի անոր կացութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ անոր խաղաղութիւնը եւ բարգաւաճումը վերականգնելու:
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ճիուզեփէ Սփիթերի այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիկայի անդամներուն հետ` Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր պարտականութիւնը աւարտելու առիթով:

Սփիթերի ընդգծեց, որ Վատիկան հետաքրքրուած է Մայրիներու երկիրով եւ կը հետեւի անոր կացութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ անոր խաղաղութիւնը եւ բարգաւաճումը վերականգնելու:

«Վատիկան տակաւին կառչած կը մնայ Լիբանանի բազմազանութեան եւ պատգամ երկիր մը ըլլալու անոր իրականութեան, ինչպէս նաեւ զայն կը նկատէ կրօններու երկխօսութեան իտէալ վայր մը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան առումով ոչինչ կ՛արգիլէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ կազմակերպած պետութիւնը սահմանադրական կանոններով կազմակերպէ նաեւ նախագահական ընտրութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան` Սփիթերի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ն ու Արեւմուտքը հասկացողութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք չէ դադրին այս մասին յիշեցումներ կատարելէ եւ ընդգծելէ, որ իրենց երկիրը չի կրնար այդ տեղահանուածները հանդուրժել:

Սփիթերի նկատել տուաւ, որ Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան այցելութիւնը օրակարգի վրայ է եւ անիկա պիտի կատարուի յարմարագոյն պահուն` նշելով, որ Վատիկան միշտ կը զօրակցի Լիբանանին:

Իր կարգին, Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամ դրուատեց Լիբանանի մէջ Սփիթերիի ունեցած կարեւոր եւ ազնիւ դերակատարութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2022, 09:34