1649266429480.jpg

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում՝ 31 Օգոստոսին, Պրիւքսէլի մէջ

Կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաստատեց լուրը, որուն մասին նախ յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 31 Օգոստոսին, Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները:

Կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաստատեց լուրը, որուն մասին նախ յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Աւելի ուշ, Հայաստանի կառավարութենէն պարզաբանեցին, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ պիտի քննարկեն այն հարցերը, որոնք եղած են նախորդ հանդիպման օրակարգին վրայ: Այլ մանրամասնութիւններ չտրուեցան:

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու նախորդ հանդիպումը եւս տեղի ունեցած էր Պրիւքսէլի մէջ, երեք ամիս առաջ՝ 22 Մայիսին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին նախաձեռնութեամբ:

Փաշինեան եւ Ալիեւ այն ժամանակ պայմանաւորուեցան սահմանազատման ու սահմանագծման յանձնաժողովներու հանդիպում կազմակերպել: Յաջորդ օրը, Երեւան եւ Պաքու գրեթէ միաժամանակ հրապարակեցին սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու կազմը: Մէկ օր ետք, անոնց ղեկավարները՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ առաջին անգամ հանդիպեցան սահմանին վրայ՝ Երասխի ուղղութեամբ: Անոնք քննարկեցին կազմակերպչական հարցեր եւ պայմանաւորուեցան երկրորդ հանդիպումը ունենալ Մոսկուայի մէջ: Հաղորդուեցաւ, որ այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 30 Օգոստոսին:

Յանձնաժողովներու ղեկավարներու Մոսկուայի մէջ հանդիպումէն մէկ օր ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի մեկնին Պրիւքսէլ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2022, 08:13