Հայ մանուկներ Հայ մանուկներ 

Մանուկներու աջակցութեան նուիրուած հագուստներու ցուցադրութիւն

Հայաստանի մանուկներուն բաժին ինկած աջակցութիւնը պիտի բաժնուի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Էջմիածինի Մանուկներու հիմնադրամին միջոցաւ։

Հայաստանի, Ուքրանիոյ, Սան Տիէկոյի եւ այլ շրջաններու մէջ կարիքաւոր մանուկներու աջակցութիւն ապահովելու նպատակով, հագուստներու ցուցադրութեան-դրամահաւաքի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Լա Հոյայի «Հայաթ Ռիճընսի» պանդոկին մէջ, որուն գլխաւոր բանախօսն է Սան Տիէկոյի շրջանային դատախազ Սամըր Սթեֆանը։

«Սփարքըլզ» հիմնարկի հովանիին տակ կազմակերպուող ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 17 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։30էն կ.ե. ժամը 2, իսկ հագուստները պիտի տրամադրուին «Մէյսիզ»ի կողմէ։

Հայաստանի մանուկներուն բաժին ինկած աջակցութիւնը պիտի բաժնուի Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ Էջմիածինի Մանուկներու հիմնադրամին միջոցաւ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2022, 08:03