journalist5s_82122.jpg

Հաղորդագրութիւն. Լրագրողներու Համահայկական համաժողով` 2023-ի Գարնան

Համաժողովին հետ կապուած այլ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 2022-ին:
Ունկնդրէ լուրը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 19 օգոստոս 2022-ին, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:

Նիստին մասնակցեցան` Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ եւ «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան տնօրէնը, «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի տնօրէն-գլխաւոր խմբագիրները եւ տեսակապով` Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը:

Օրակարգի կէտեր նկատի առնուած էին.

– Տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստերու զեկուցում:
– Համակարգող խորհուրդի կազմի հանգրուանային համալրում:
– Յառաջիկայ Համահայկական համաժողովի թուականի ճշդում:
– Լրագրողներու համախմբումի գրանցման իրաւական հարցեր:
– Երիտասարդ լրագրողական մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներու նախագիծերու ներկայացում:

Ժողովը որոշեց յառաջիկայ համաժողովը կազմակերպել 2023-ի գարնան:

Համաժողովին հետ կապուած այլ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբեր 2022-ին:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2022, 08:00