4.jpg

Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է ՌԴ-ին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին

Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած էր ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակման առնչութեամբ պաշտօնապէս դիմել Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի դրոյթները գործողութեան մէջ դնելու նպատակով, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին:

ՀՀ տարածքի նկատմամբ յարձակման առնչութեամբ կառավարութիւնն արդէն դիմած է ՌԴ-ին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին եւ ՀԱՊԿ-ին։

Այս մասին յայտնած են Հանրային հեռուստաընկերութենէն։

Նշենք, որ աւելի վաղ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած էր ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակման առնչութեամբ պաշտօնապէս դիմել Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի դրոյթները գործողութեան մէջ դնելու նպատակով, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին:

Փաշինեան սահմանին տիրող իրավիճակի մասին խօսած է Վլատիմիր Փութինի հետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

Վարչապետը մանրամասներ փոխանցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի ուղղութեամբ կէսգիշերէն սկսված սադրիչ, յարձակողական գործողութիւններու վերաբերեալ, որոնք ուղեկցուած են հրետանային միջոցներէն, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակահերթերով:

Նիկոլ Փաշինեանն անթոյլատրելի համարած է ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններն ու ընդգծած միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները պայմանաւորուած են մնալ անմիջական կապի մէջ:

Միրզոյեան Լաւրովին ներկայացուցած է ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը

ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովին տեղեկացուցած է 13 սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի մասին:

Տեղեկութիւնը յայտնած են ԱԳՆ–էն։

Յիշեցնենք` մինչ այդ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած էր Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որու ընթացքին որոշում կայացուած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ յարձակման առնչութեամբ պաշտօնապէս դիմել Ռուսիոյ Դաշնութեան՝ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրի դրոյթները գործողութեան մէջ դնելու նպատակով, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2022, 08:45