Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բախումներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բախումներ 

Ազրպէյճանը կարմիր խաչէն կը թաքցնէ վերջին յարձակման հետեւանքով գերեվարուած Հայերուն տուեալները

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդը տարածած էր հաղորդագրութիւն՝ ըստ որուն, վերջին յարձակման ընթացքին ազրպէյճանցիները գերեվարած են առնուազն 20 հայ զինծառայող։

Սեպտեմբեր 12լոյս 13-ին ՀՀ ինքնիշխան տարածքին վրայ Ազրպէյճանի իրականացուցած ռազմական յարձակման հետեւանքով գերեվարուած անձերուն հետ կապուիլ ԿԽՄԿ գրասենեակի ներկայացուցիչները դեռ չեն յաջողած։ Այս մասին, ըստ «Փաստինֆո»-ին, յայտնած է ԿԽՄԿ հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման եւ կանխարգելման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին։

«Մեր փոխանցած տեղեկութիւնները Ազրպէյճանը դեռ չէ հաստատած։ Իսկ քանի դեռ պահող կողմը, այսինքն՝ Ազրպէյճանը չէ հաստատած, որ տուեալ անձերը գերեվարած է ու պահէ իր մօտ, սպասողական վիճակի մէջ ենք, կապ չկայ իրենց հետ։ Ի հարկէ, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ կապի մէջ ենք։ Ունինք նաեւ տուեալներ, որոնք ստացած ենք ընտանիքներուն կողմէ ՝ հարազատներու հնարավոր գերեվարութեան վերաբերեալ։ Այդ տուեալներուն մասով եւս հաստատումներու կը սպասենք»,- ըսած է Ամատունին եւ աւելցուցած, որ հաստատումները հազիւ ստանան պիտի տեղեկացնեն ընտանիքները։

Յիշեցնենք, որ երէկ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդը տարածած էր հաղորդագրութիւն՝ ըստ որուն, վերջին յարձակման ընթացքին ազրպէյճանցիները գերեվարած են առնուազն 20 հայ զինծառայող։

Վերջին օրերուն յայտնի դարձաւ, որ վիրաւոր գերեվարուած երկու հայ զինծառայող Պաքուի մէջ սպաննուած են, որոնց դիերը եղած են Սեպտեմբեր 17-ին Պաքուի կողմէ Հայաստանին յանձնուած 32 հայորդիներու մարմիններուն մէջ։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2022, 07:00