ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ (2020) ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ (2020) 

Մաքրոնի առաջարկով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան հարցով ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ՝ 14 Սեպտեմբերին

«ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով մարտերու վերսկսման մասին հաղորդագրութիւններով: Ան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ լարուածութիւնը թուլցնելու համար, առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորել եւ չլուծուած բոլոր հարցերը լուծել երկխօսութեան եւ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ»

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կոչ ուղղեց՝ խստօրէն պահպանելու զինադադարը եւ յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Ֆրանսայի նախագահական պալատէն յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեցին, որ Ֆրանսա իրավիճակը պիտի փոխանցէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, որուն Մաքրոն ներկայիս կը նախագահէ:

Նախագահը պատրաստակամ է աջակցելու կողմերուն, որպէսզի հակամարտութեան վերաբերող եւ անկէ բխող բոլոր հարցերը լուծուին բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով: «Ան պիտի շարունակէ աշխոյժ կերպով աջակցիլ այս գործընթացին՝ բոլոր գործընկերներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն հետ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Նոյն օրը երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին տիրող իրավիճակին վերաբերեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը նիստ պիտի գումարէ 14 Սեպտեմբերին:

ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիերեշ եւս անդրադարձաւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման՝ տարածելով հաղորդագրութիւն մը, յայտնեց Կիւթիերեշի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

«ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարը խորապէս մտահոգուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով մարտերու վերսկսման մասին հաղորդագրութիւններով: Ան կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու՝ լարուածութիւնը թուլցնելու համար, առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորել եւ չլուծուած բոլոր հարցերը լուծել երկխօսութեան եւ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափերու ծիրին մէջ», ըսաւ ան:

Կը նշուի, որ Կիւթիերեշ նաեւ յորդորեց՝ ամբողջութեամբ իրականացնել նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները: Ան աջակցութիւն յայտնեց տարածաշրջանին մէջ բոլոր միջնորդական ջանքերուն:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2022, 06:51