1117Sahman1-576x375aem.jpg

Ատրպէյճան կը շարունակէ յարձակումը Հայաստանի վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ստեղծուած իրադրութեան եւ ատոր հետագայ զարգացումներու ողջ պատասխանատւութիւնը կ'իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ։

եպտեմբեր 13-ի լոյս 14-ի գիշերը իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին կը շարունակէ լարուած մնալ։ Մասնաւորապէս՝ Ջերմուկի ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Նախորդ օրուայ սանձազերծած յարձակման մնացած ուղղութիւններով չնայած էական միջադէպեր չեն արձանագրուած, սակայն այսօր ժամը 08։00-էն սկսած հակառակորդը, կիրառելով հրետանային միջոցներ, ականանետեր եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, կրկին սկսած է նախայարձակ գործողութիւններ, մասնաւորապէս, Վերին Շորժայի եւ Ջերմուկի ուղղութիւններով։

ՀՀ ԶՈւ-ն կը ձեռնարկէ համարժէք պատասխան գործողութիւններ՝ շարունակելով լիարժէք կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրները։

Փաստացի, հակառակ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգին, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի հանդէպ յարձակողական գործողութիւնները՝ հրետակոծելով ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ստեղծուած իրադրութեան եւ ատոր հետագայ զարգացումներու ողջ պատասխանատւութիւնը կ'իյնայ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2022, 08:24