Եօթներու Խմբակը Եօթներու Խմբակը 

Եօթներու խմբակը որոշեց «Անմիջական կերպով» Ռուսական քարիւղի գինի նշաձող հաստատել

Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Մոսկուան պիտի դադրի քարիւղ վաճառել այն երկիրներուն, որոնք ռուսական քարիւղի գինին նշաձող կը հաստատեն»:

Եօթներու խմբակը որոշեց «անմիջական կերպով ռուսական քարիւղի գինի նշաձող հաստատել», ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց այդ քայլին մասնակից երկիրներու «լայն դաշինք» մը կազմելու:

«Եօթներու խմբակ»-ի տնտեսութեան նախարարները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Գինի նշաձողը պիտի ճշդուի հիմնուելով թեքնիք տուեալներու շարքի մը վրայ, եւ զայն պիտի որոշէ ամբողջ դաշինքը` նախքան զայն գործադրութեան դնելը»:

Նախքան այդ, Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Մոսկուան պիտի դադրի քարիւղ վաճառել այն երկիրներուն, որոնք ռուսական քարիւղի գինին նշաձող կը հաստատեն»:

«Ռուսական քարիւղի գինին նշաձող հաստատելը ուժանիւթի միջազգային շուկային մէջ մեծ լարուածութիւն պիտի յառաջացնէ», ընդգծեց Քրեմլին` աւելցնելով. «Ռուսական քարիւղը, որ Եւրոպա պիտի չերթայ, պիտի երթայ դէպի այլընտրանքային երկիրներ, որոնք կ՛աշխատին շուկայի պայմաններուն համաձայն»:

Լուրը Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2022, 09:51