Իրան անընդունելի կը համարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չի հանդուրժեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Իւզպեքիստանի Սամարկանթ քաղաքին մէջ ընթացող Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ այս յայտարարութիւնը կատարեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:
«Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան հաստատումը շատ կարեւոր է Իրանի համար: Մենք մնայուն կերպով շեշտած ենք, որ անհրաժեշտ է յարգել երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ մերժել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Կողմերը պէտք է լուծեն տարակարծութիւնները երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ուղիով` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ», ըսաւ Ռայիսի:
Ան յայտարարեց, որ Իրան, պաշտպանելով իր ազգային շահերը եւ ապահովութիւնը՝ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ լուծելու իրենց տարակարծութիւնները:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ