1663316059190.jpg

Իրան անընդունելի կը համարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն

Մենք մնայուն կերպով շեշտած ենք, որ անհրաժեշտ է յարգել երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ մերժել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Կողմերը պէտք է լուծեն տարակարծութիւնները երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ուղիով` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ», ըսաւ Ռայիսի:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չի հանդուրժեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Իւզպեքիստանի Սամարկանթ քաղաքին մէջ ընթացող Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ այս յայտարարութիւնը կատարեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:

«Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան հաստատումը շատ կարեւոր է Իրանի համար: Մենք մնայուն կերպով շեշտած ենք, որ անհրաժեշտ է յարգել երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ մերժել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն: Կողմերը պէտք է լուծեն տարակարծութիւնները երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ուղիով` միջազգային իրաւունքի հիման վրայ», ըսաւ Ռայիսի:

Ան յայտարարեց, որ Իրան, պաշտպանելով իր ազգային շահերը եւ ապահովութիւնը՝ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ լուծելու իրենց տարակարծութիւնները:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2022, 08:51