1662395982140.jpg

Լիզ Թրաս Բրիտանիոյ Վարչապետ

Թրաս Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնող երրորդ կինն է:

Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Լիզ Թրաս ընտրուած է Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար եւ երկրի վարչապետ:

Թրաս Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնող երրորդ կինն է:

Բրիտանիոյ մէջ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի ընտրութեան քուէարկութիւնը աւարտեցաւ շաբաթ օր: Իրար դէմ կը մրցէին ելեւմուտքի նախարար Ռիչի Սոնաքն ու արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրասը: Վերջինս քուէներու 57 առ հարիւրը ապահովեց, իսկ անոր մրցակից Սոնաքը` 43 առ հարիւրը:

Նորընտիր վարչապետը իր յաղթանակի յայտարարումէն ետք խօսք արտասանելով գովաբանեց «Պորիս Ճոնսընի` Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հարցով Ռուսիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը»` նշելով, որ մտադիր է յարգել կուսակցութեան ընտրական խոստումները:

«Բրիտանիան պիտի ղեկավարեմ իբրեւ պահպանողական մը, աշխատանք պիտի տանինք տնտեսական զարգացման եւ ուժանիւթի տագնապի դիմակայման ծրագիրի մը վրայ, ինչպէս նաեւ տուրքերը նուազեցնելու ընդարձակ ծրագիր մը պիտի ներկայացնեմ», յայտարարեց Թրաս:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2022, 10:00