Ստեփանակերտի մէջ համախմբում Ստեփանակերտի մէջ համախմբում 

Շուրջ 40.000 արցախցիներ Ստեփանակերտի մէջ համախմբուեցան` վերականգնելով Արցախեան շարժման ոգին եւ ինքնորոշման իրաւունքի արդար պահանջը

«Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տասնեակ հազարաւոր արցախահայերու հանրահաւաքն ու ներկայութիւնը արդէն իսկ պատգամ է մարդկութեան, միջազգային հանրութեան եւ տարբեր երկիրներու», այս մասին հանրահաւաքի ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

30 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ արտահերթ նիստ, որուն զուգահեռ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կատարուեցաւ բազմահազարանոց հանրահաւաք: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ ու երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը մասնակցեցան հանրահաւաքին:

«Ստեփանակերտէն եւ շրջաններէն շուրջ 40.000 քաղաքացիներու մասնակցութեամբ հանրահաւաքին, ի շարս այլ ելոյթներու, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արեգ Աւագեան ներկայացուցած է Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը (տեսնել առանձին` ստորեւ, «Ա.»)», նշուեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապի բաժանմունքի հաղորդագրութեան մէջ:

«Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տասնեակ հազարաւոր արցախահայերու հանրահաւաքն ու ներկայութիւնը արդէն իսկ պատգամ է մարդկութեան, միջազգային հանրութեան եւ տարբեր երկիրներու», այս մասին հանրահաւաքի ընթացքին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան:

«Իսկապէս, մենք կ՛ապրինք օրհասական ժամանակահատուած, կ՛առերեսուինք գոյաբանական վտանգներու: Աւելի՛ն` ո՛չ միայն Արցախը, այլ նաեւ Մայր Հայաստանը եւ սփիւռքը կ՛առերեսուին գոյաբանական վտանգներու: Ապագան մեծապէս կախուած է Արցախէն: Այս ծանր վիճակէն պատուով դուրս գալու համար պէտք է աշխատինք` ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին ոլորտներու մէջ: Ամէնէն կարեւորը պէտք չէ անտարբեր ըլլանք: Անտարբերութիւնն է, որ մեզ կրնայ կործանել, հակառակ անոր որ կրնայ թուիլ, թէ ամէնէն անմեղ արարքն է: Իւրաքանչիւրէս կախուած է մեր ապագան, պիտի ըլլայ յաղթանա՞կ, թէ՞ պարտութիւն: Ինչ կը վերաբերի արտաքին ոլորտին, ի հարկէ, մեծ աշխատանք կը տարուի համայն հայութեան հետ մէկտեղ: Պէտք է ըլլանք սկզբունքային, պէտք է տեղ տանք արհեստավարժութեան եւ հայրենասիրութեան», ըսաւ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան ընդգծեց, որ անընդունելի է եւ պիտի մերժուի որեւէ առաջարկ, փաստաթուղթ, որով Արցախը պիտի դիտարկուի իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

«Տարբեր երկիրներու ու միջազգային կառոյցներու կողմէ նման առաջարկներ ներկայացնելու պարագային, զանոնք պիտի դիտարկենք իբրեւ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում: Հաւատացէ՛ք, որ ի վիճակի ենք պաշտպանել Արցախը: Ունինք այդ ներուժը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Պէտք չէ հաւատանք, եթէ ըսեն, որ մենք ի վիճակի չենք մեզ պաշտպանելու», ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը` շեշտելով, որ իւրաքանչիւրէն կախուած է` ըլլալու այն արժանապատիւ ու սկզբունքային սերունդը, որ անկախ բոլոր դժուարութիւններէն պիտի կարենայ փրկել Արցախի հողակտորը:

Դաւիթ Բաբայեան համոզմունք յայտնեց, որ այս առաքելութիւնը միասնաբար պիտի իրականանայ:

«Համոզուած եմ, որովհետեւ մենք ունինք Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ, Շուշի, որոնք մեզ կը նային: Ի վերջոյ, ինչպէ՞ս վաղը պիտի նայինք մեր մանուկներուն, մեծերուն, սգացող մեր կիներուն եւ մայրերուն: Ինչպէ՞ս պիտի կանգնինք մեր հերոսներու յիշատակին առջեւ եւ ի՞նչ պատասխան պիտի տանք Աստուծոյ առջեւ: Հետեւաբար բոլորս պէտք է իմանանք, որ մեր ճակատագիրը միասնական է, եւ պիտի չըլլայ որեւէ խաղ ժողովուրդի թիկունքին: Բոլորս միասնական պիտի պահենք եւ պաշտպանենք  Արցախը անկախ բոլոր դժուարութիւններէն, եւ կայ կարելիութիւն` փրկելու Արցախը», աւելցուց նախարարը` բարձր գնահատելով Ռուսիոյ դերակատարութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման եւ խաղաղապահ բարդ առաքելութեան իրականացման գործին մէջ:

«Այսօրուան խորհրդանշական հաւաքը վառ ապացոյցն է այն իրողութեան, որ արցախեան շարժումը աւարտած չէ եւ կը շարունակէ նոր շեշտադրումով»,  այս մասին երէկուան հանրահաւաքի ժամանակ  մասնաւորապէս նշեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:

Արցախի թեմակալ առաջնորդին համաձայն, այսօր Արցախի կողքին ըլլալ` կը նշանակէ ըլլալ արդարութեան եւ քաղաքակրթութեան կողքին. սա է բանալին Արցախի հարցի լուծման, կանգնիլ ազգերու ինքնորոշման քաղաքակիրթ ձեւաչափի կողքին:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, իրապէս դուք հերոս ժողովուրդի հերոս զաւակներն էք: Այսօր դուք մէկ կողմ դրած էք ձեր բոլոր տեսակի անձնական նեղութիւններն ու դժուարութիւնները եւ եկած էք այստեղ` Վերածնունդի հրապարակ, ձեր հերոս նախնիներու սրբազան կանչով, որոնք սկսան արցախեան շարժումը, որ յետոյ դարձաւ պայքար ու գոյապայքար, որպէսզի ցոյց տաք համայն հայութեան, որ Արցախը կ՛ապրի եւ պիտի ապրի, քանզի աւետարանական խօսքին համաձայն մեր «այո»-ն այո է, «ոչ»-ը` ոչ: Ես, իբրեւ թեմակալ առաջնորդ, ո՛չ միայն կ՛օրհնեմ, այլ նաեւ կը խոնարհիմ ձեր նուիրական կեցուածքին առջեւ: Մենք շատ մեծ գին վճարած ենք, որպէսզի կարենանք ապրիլ ազատ, անկախ, ինքնորոշուած Արցախի մէջ, եւ մեր այսօրուան խորհրդանշական հաւաքը վառ ապացոյցն է այն իրողութեան, որ արցախեան շարժումը աւարտած չէ եւ անիկա կը շարունակուի նոր շեշտադրումով, որովհետեւ մենք ապրող ազգ ենք, եւ հակառակ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներու, Արցախը պիտի ապրի եւ զօրանայ», նշեց Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2022, 08:36