Սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձի յաջորդ փուլը պիտի ընդգրկէ 1600 ընտանիք
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախատեսումներով սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձի յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթավերջին` ծովային սահմանագծումէն ետք:
Նշենք, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի աշխատանքը կանգ առած էր «Քորոնա»-ի համաճարակին ընթացքին:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ պատասխանատու է տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութեան հետ` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քըսսայֆիի:
Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ յայտնեց, որ այն հրաշքը, որ պաշտպանած է Լիբանանը եւ արգիլած անոր ապահովական սայթաքումն ու համեմատաբար երաշխաւորած ապահովական կայունութիւնը` լիբանանցի ժողովուրդին բարոյական արժէքներն են, ազգային ոգին եւ Լիբանան հայրենիքը վերականգնելու անոր յոյսը, «անշուշտ բանակին եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն ջանքերուն կողքին», ըսաւ ան:
Իպրահիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ իբրեւ ապահովական կառոյց իրենք իւրաքանչիւր շրջանի մէջ պատրաստ են հակակշռելու ապահովական վատագոյն հաւանականութիւնը:
«Լիբանանի ապահովութեան սպառնացող իւրաքանչիւր վտանգի առաջքը կը փորձենք առնել, եւ Լիբանանի ոչ մէկ շրջան «կը հիւրընկալէ» ահաբեկիչներ կամ ահաբեկչական բջիջներ», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու թիւը հասած է երկու միլիոն 80 հազարի: Ան նշեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը պիտի կատարուի համաձայն 2017-ին որդեգրուած գործիքակազմին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ շուրջ 485 հազար սուրիացիներու տունդարձը ապահովել:
«Տունդարձի յաջորդ փուլը պիտի ընդգրկէ 1600 ընտանիքի փոխադրութիւնը, եւ այս մասին կը սպասենք սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ ճշդուելիք թուականին», հաստատեց ան:
Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ իրենք ոչ ոքի կանաչ լոյսին պիտի սպասեն` տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը կազմակերպելու եւ գործադրելու իմաստով:
Կառավարութեան կազմութեան մասին Ապպաս Իպրահիմ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ սահմանադրական լիազօրութիւններով նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը` հակառակ մնացած նեղ ժամանակին: «Բայց եւ այնպէս այդ հարցը կարելի է լուծել նախագահական ընտրութեամբ: Եթէ ապահով ափի վրայ կ՛ուզենք ըլլալ, ապա մինչեւ 31 հոկտեմբեր պէտք է ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահը, որ պէտք է ըլլայ համախոհական նախագահ մը` ներքին եւ արտաքին ուժերուն հետ գործակցութեան կարողութիւն ունեցող», հաստատեց Իպրահիմ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ