Վարչապետ Միքաթի Վատիկանէն կ՛ակնկալէ իր ջանքերով համախոհութիւն գոյացնել` նախագահական ընտրութիւնը կատարելու նպատակով
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ նոր նշանակուած պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիան, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու, դեսպան Պութրոս Ասաքեր:
Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, որուն շրջագիծին մէջ Պորճիա հաստատեց, որ Վատիկան հետաքրքրուած է Լիբանանով եւ լիբանանցիներով:
Միքաթի շեշտեց, որ Վատիկանէն կ՛ակնկալէ իր ջանքերով լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը կատարել:
Վարչապետին այցելեցին նաեւ զբօսաշրջութեան եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարներ Ուալիտ Նասսար եւ Եուսեֆ Խալիլ, որոնք քննարկեցին նշեալ նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետին այցելեց նաեւ երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ քննարկած է Թաէֆի համաձայնագիրը, Իքլիմ Խարրուպին հատուցում ապահովելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Պըսրիի շրջանին վերաբերող հարցեր:
Վարչապետին այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրի:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Ահմետ Նաուաֆ Ահմետ Սապահի հետ, որուն շնորհաւորեց վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ Քուէյթի ու անոր ժողովուրդին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ