Որոնել

OSCE-technical-team_1019.jpeg

ԵԱՀԿ-ն խումբ պիտի ուղարկէ Հայաստան` սահմանամերձ շրջաններուն մէջ

Այցելութեան նպատակը որոշ սահմանամերձ շրջաններու մէջ իրավիճակի գնահատումն է` ԵԱՀԿ-ի լիազօրութեան ու փորձի հիման վրայ` կառոյցի համապարփակ անվտանգութեան հայեցակարգի շրջանակներուն մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաւէրով մէկ շաբաթ տեւող առաքելութեամբ 21 հոկտեմբերէն սկսեալ ԵԱՀԿ-ն Հայաստան պիտի ուղարկէ կարիքներու գնահատման խումբ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:

«Այցելութեան նպատակը որոշ սահմանամերձ շրջաններու մէջ իրավիճակի գնահատումն է` ԵԱՀԿ-ի լիազօրութեան ու փորձի հիման վրայ` կառոյցի համապարփակ անվտանգութեան հայեցակարգի շրջանակներուն մէջ: ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութեան ներկայացուցիչներէ եւ միջազգային փորձագէտներէ բաղկացած թեքնիք խումբը պիտի այցելէ հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին գտնուող շրջաններ եւ տեղւոյն վրայ խորհրդատուութիւն պիտի կատարէ համապատասխան ազգային ու տեղական շահագրգիռ կողմերու եւ միջազգային գործընկերներու հետ»,  կը նշուի ԵԱՀԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2022, 08:57