ԵԱՀԿ-ն խումբ պիտի ուղարկէ Հայաստան` սահմանամերձ շրջաններուն մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հրաւէրով մէկ շաբաթ տեւող առաքելութեամբ 21 հոկտեմբերէն սկսեալ ԵԱՀԿ-ն Հայաստան պիտի ուղարկէ կարիքներու գնահատման խումբ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:
«Այցելութեան նպատակը որոշ սահմանամերձ շրջաններու մէջ իրավիճակի գնահատումն է` ԵԱՀԿ-ի լիազօրութեան ու փորձի հիման վրայ` կառոյցի համապարփակ անվտանգութեան հայեցակարգի շրջանակներուն մէջ: ԵԱՀԿ-ի քարտուղարութեան ներկայացուցիչներէ եւ միջազգային փորձագէտներէ բաղկացած թեքնիք խումբը պիտի այցելէ հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքին գտնուող շրջաններ եւ տեղւոյն վրայ խորհրդատուութիւն պիտի կատարէ համապատասխան ազգային ու տեղական շահագրգիռ կողմերու եւ միջազգային գործընկերներու հետ», կը նշուի ԵԱՀԿ-ի հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ