Bandiera Unione Europea, Europa Bandiera Unione Europea, Europa 

Եւրոպական Միութեան երկիրները համաձայնեցան առաքելութիւն մը ուղարկել Հայաստան

Որոշումը տրուեցաւ Քաղաքական եւ ապահովութեան յանձնաժողովի փակ նիստին, եւ ըստ «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրներուն, առաքելութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան մինչեւ 50 դիտորդներ, սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ ո՛ր երկիրներէն պիտի ըլլան անոնք, որովհետեւ ներկայիս քննարկումներ կը կատարուին:

Եւրոպական Միութիւնը ներկայացնող դեսպանները 11 Հոկտեմբերին համաձայնեցան Հայաստան ուղարկել քաղաքացիական առաքելութիւն, որ պիտի տեղակայուի Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքին` վստահութեան ամրապնդման եւ լարուածութեան մեղմացման նպաստելու համար:

Որոշումը տրուեցաւ Քաղաքական եւ ապահովութեան յանձնաժողովի փակ նիստին, եւ ըստ «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրներուն, առաքելութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան մինչեւ 50 դիտորդներ, սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ ո՛ր երկիրներէն պիտի ըլլան անոնք, որովհետեւ ներկայիս քննարկումներ կը կատարուին:

Առաքելութեան կարեւորութեան մասին 10 Հոկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ խօսեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար` կոչ ուղղելով միութեան անդամ երկիրներուն՝ ամէն ձեւով աջակցելու Պրիւքսէլի խաղաղասիրական ջանքերուն:

Հայաստան՝ քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերող պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուեցաւ նախորդ շաբաթ, Փրակի մէջ` Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ու Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներուն` ժամեր տեւած բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Պաքու, որ մինչ այդ մերժած էր Հայաստանի հետ սահմանին զինուած ուժեր տեղակայելու՝ Եւրոպական Միութեան առաջարկը, անզէն առաքելութեան պարագային չընդդիմացաւ, նոյն ժամանակ ընդգծեց, որ պիտի համագործակցի «այնքանով, որքանով որ կապ կ՛ունենայ»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2022, 08:00