Փաշինեան եւ Էրտողան Փաշինեան եւ Էրտողան  

Փաշինեան եւ Էրտողան հանդիպեցան Փրակի մէջ

Փաշինեան եւ Էրտողան քննարկեցին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ այդ ուղղութեամբ հետագայ հնարաւոր քայլերը:

Փրակի մէջ, 6 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:

Անցնող 13 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանդիպելով՝ երկու երկիրներու առաջնորդները խօսեցան տարածաշրջանային գործընթացներուն մասին: Ըստ «Թերթ»ին՝ այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կառավարութենէն:

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման պարունակին մէջ, երկուստեք կարեւոր նկատեցին ուղիղ շփումները եւ բարձր մակարդակի հանդիպումները:

Փաշինեան եւ Էրտողան քննարկեցին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ այդ ուղղութեամբ հետագայ հնարաւոր քայլերը:

Շեշտուեցաւ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Մասնաւորաբար խօսքը կը վերաբերէր երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ցամաքային սահմանի բացման, Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւններու իրականացման:

Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն մասին:

Հանդիպումէն ետք, Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիան դրացիներուն նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններ չունի:

Անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նոյն օրը տեղի ունեցած հանդիպման՝ Էրտողան նշեց, որ անկեղծօրէն կը հաւատայ, թէ պիտի կարենան հասնիլ տարածաշրջանին մէջ բարեդրացիական յարաբերութիւններու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին իրմէ ի՞նչ պատգամ ստացաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով՝ Էրտողան ըսաւ. «Երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները կը շարունակուին, մեր այսօրուան հանդիպումն ալ անկեղծ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ, եւ այս հանդիպման ընթացքին որոշ պահանջներ ներկայացուեցան: Մեր արտաքին գործոց նախարարները եւ յատուկ ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին, պիտի քննարկեն, անկէ ետք, ըստ արդիւնքներու, քայլերու պիտի ձեռնարկենք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2022, 08:24