Դեսպան Համբարձումեան եւ Սթեֆանիա Պաթթիսթինին Դեսպան Համբարձումեան եւ Սթեֆանիա Պաթթիսթինին 

Դեսպան Համբարձումեանն ՀՀ Դեսպանատան խորհրդանշանով մեծարեց լրագրող Սթեֆանիա Պաթթիսթինին

Սթեֆանիան միշտ այնտեղ է, ուր կայ պատերազմ, աւերածութիւններ, մարդկային ողբերգութիւններ... Սթեֆանիան այնտեղ է, ուր կայ վտանգ, ուր ցուրտ է, ուր մարդիկ կը տառապին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 24 նոյեմբերի երեկոյեան, Հռոմի «Արտասահմանեան Մամուլի» կեդրոնատեղիին մէջ, լրագրող Թալալ Խրէյսի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Իտալիոյ մօտ դեսպանատան համագործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ պատուոյ ու մեծարանքի երեկոյ նուիրուած` Rai հեռուստակայանի TG1 լրատուական յայտագրի Իտալացի լրագրող Սթեֆանիա Պաթթիսթինիին, որուն այս առթիւ, «առ ի երախտագիտութիւն անոր լրագրողի մեծ վաստակին համար», Իտալիոյ Հանրապետութեան մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Ծովինար Համբարձումեանը զինք մեծարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան խորհրդանշանի յանձնումով։

Սթեֆանիա Պաթթիսթինի Դեսպան Համբարձումեանի հետ
Սթեֆանիա Պաթթիսթինի Դեսպան Համբարձումեանի հետ

Դեսպան Համբարձումեանի ելոյթը

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ դեսպան Համբարձումեան ի միջի այլոց նշեց, թէ ինք «պատիւ ունի Իտալիայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան խորհրդանշանը յանձնել հայերու համար շատ կարևոր անձ՝ Սթեֆանիա Պաթթիսթինիին»։

«Մեր պետականութեան երեք կարևոր խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող խորհրդանշանը կը յանձնեմ անձի մը, որ պատերազմի թղթակիցի իր ակնառու աշխատանքով, իր առաւելագոյնը կատարած է մեր պետութեան համար՝ բացայայտելով և տարածելով Հայաստանի և Լեռնային Ղարաբաղի մասին ճշմարտութիւնը» ըսաւ դեսպան համբարձումեան, ընդգծելով յատկապէս, որ «ճշմարտութիւնը տարածելը հազուադէպ է այս օրերուն»։

«Սթեֆանիան միշտ այնտեղ է, ուր կայ պատերազմ, աւերածութիւններ, մարդկային ողբերգութիւններ... Սթեֆանիան այնտեղ է, ուր կայ վտանգ, ուր ցուրտ է, ուր մարդիկ կը տառապին: Սթեֆանիան խիզախ է, մարտիկ է, եւ ասոնք որակներ են, որոնք արհեստավարժ լրագրութեան խիստ անհրաժեշտ են այս օրերուն» շարունակեց դեսպան Համբարձումեանը եւ աւելցուց «Սթեֆանիան այնտեղ է, ուր քաղաքականապէս յարմար է, և նաև, ուր քաղաքականապէս յարմար չէ մնալը։ Բայց ան երբեք չի զլանար պայքար մղելու ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը բացայայտելու համար»։

Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը ապա ակնարկեց լրագրողուհիին` Արցախի դէմ 44 օրեայ պատերազմի ընթացքին կատարած տեղեկատուական աշխատանքի մասին, երբ մարդիկ, անմեղներ, կառոյցներ, կիներ ու մանուկներ «կրակի տակ էին», եւ «աշխարհը լուռ մնացած էր», «Սթեֆանիան եղաւ այն հազուագիւտ անձերէն մին, որոնք չլռեցին» եւ իր աշխատանքով Իտալական հանրութեան պատմեց այն ինչ, որ կը պատահէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, «այդ փոքր երկիրը` որ երեսուն տարիներէ ի վեր կը պայքարի ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ կեանքի իրաւունքին համար» ըսաւ Դեսպան Համբարձումեանը, որ ապա ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց Պաթթիսթինիին «արտակարգ աշխատանքին համար, զոր կը շարունակէ իրականացնել աշխարհի ամենաթեժ վայրերուն մէջ, արհեստավարժութեամբ ու մեծ նուիրումով»։

Խմբանկար
Խմբանկար

Սթեֆանիա Պաթթիսթինիի շնորհակալութիւնը

Դեսպան Համբարձումեանէն ետք խօսք առաւ նաեւ լրագրող Սթեֆանիա Պաթթիսթինին, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք պարգեւատրումին համար նշեց, թէ իրեն համար «պատիւ եղաւ» Հայաստանի մէջ կատարել այդ աշխատանքը եւ «ի մասնաւորի կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որովհետեւ դուք ինծի առիթ տուիք այդ աշխատանքը կատարելու մեծ ազատութեամբ» եւ այս մէկը «միշտ ալ չի պատահիր, որովհետեւ, յարձակումի թիրախ երկիր մը յաճախ ինքնիր մէջ կը փակուի», ըսաւ Ան շեշտելով «ազատ լրագրութեան» կարեւորութիւնը ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն վերապահուած մեծարանքին համար։

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որուն մասնակցեցան նաեւ տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնք առիթը ունեցան զրուցելու եւ միտքեր փոխանակելու միջազգային զանազան հարցերու շուրջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2022, 09:59