Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան 

Մեսրոպեան Վարժարանը եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (AVC) կը քննարկեն գործակցութեան ծրագիրներ

Հանդիպումը նուիրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները առաւել հարստացնելու միջոցներու քննարկման եւ այդ առաջադրանքին մէջ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրներէն օգտուելու հնարաւորութիւններու ծանօթացման:
Ունկնդրէ լուրը

Նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, 16 Նոյեմբեր 2022-ին առցանց հանդիպում մը կայացաւ մէկ կողմէ վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասանիւթերու ուսուցիչներուն ու բաժիններու պատասխանատուներուն եւ միւս կողմէ՝  ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (Armenian Virtual College) պատասխանատու աշխատակիցներուն միջեւ՝ Երեւանէն:

Հանդիպումը նուիրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները առաւել հարստացնելու միջոցներու քննարկման եւ այդ առաջադրանքին մէջ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրներէն օգտուելու հնարաւորութիւններու ծանօթացման:

Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեան եւ գործառնական բաժինի ղեկավար տիկին Արփինէ Թաւաքալեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրները, որոնցմէ կ՛օգտուին հազարաւոր ուսանողներ, դպրոցներ եւ համայնքային կազմակերպութիւններ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասանիւթերուն մէջ:

ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեան իր հերթին ներկայացուց հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերող դասանիւթերու բովանդակութեան եւ ուսուցման եղանակներուն, ինչպէս նաեւ անոնց նպաստող առկայ աղբիւրներուն վերաբերող սպառիչ տեղեկութիւններ: Մեսրոպեաի ուսուցիչները յատկապէս ծանօթացան ՀՀՀ-ի հիպրիտ կրթութեան ծրագիրին, որ նախատեսուած է դպրոցներուն համար:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ այս առիթով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Համացանցային Համալսարանի պատասխանատուներուն՝ հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը արդիականացնելու նպատակին մէջ Մեսրոպեանին օգտակար դառնալու պատրաստակամութեան համար: Ան մեծապէս գնահատեց այն գործունէութիւնը, որ ՀՀՀ-ը կը տանի վասն հայկական կրթութեան, ամբողջ աշխարհի տարածքին, հաստատելով, որ Մեսրոպեան վարժարանը ընդառաջ պիտի մնայՀՀՀ-ի հետ գործակցութեան, հարստացնելու համար վարժարանին մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները, յատկապէս ուսուցման արդիական եւ գրաւիչ ոճերու որդերգրումով:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2022, 09:38