Տարեցներու միջազգային օրուան առիթով` ճաշ եւ ընկերային հաւաք Տարեցներու միջազգային օրուան առիթով` ճաշ եւ ընկերային հաւաք 

Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութիւն. տարեցներու միջազգային օրուան առիթով` ճաշ եւ ընկերային հաւաք

Եզակի եւ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր տարեցներու օրուան այս ձեռնարկը, որ ժպիտ մը ուրուագծեց անոնց դէմքին եւ ընկերութեան մէջ իրենց վաստակը գնահատելու արժանի յարգանքի դոյզն արտայայտութիւն մը դրսեւորեց:

Տարեցներու միջազգային օրուան նշումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` կեանքի ընթացքին անոնց ձեռք ձգած զանազան փորձառութիւնները եւ ամբարած գիտելիքները փոխանցել յաջորդող սերունդին: Այս օրը կը նպատակադրէ նաեւ լուսարձակի տակ առնել  անոնց դիմագրաւած տարբեր հարցերը, ինչպէս` առողջապահական, ընկերատնտեսական, խնամատարական: Կասկածէ վեր է, որ անոնց վաստակը արժանի է երախտագիտական զգացումի բոլորիս կողմէ: Արդարեւ, «Իւրաքանչիւր տարեց տան մէջ օրհնութիւն է» ժողովրդական ասոյթը պէտք է առօրեայ մտածում դառնայ եւ ոգեշնչող պատգամ` նոր սերունդին: Ի զուր չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս 2014 թուականին «Տարեցներու տարի» իր հռչակագիրին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տայ տարեցներուն, ուր կ՛ըսէ. «Տարեց սերունդը իր խոր հաւատքով, ամուր կամքով, չարքաշ աշխատանքով ու վառ տեսիլքով կերտեց մեր ժողովուրդին վերածնունդը: Այսօր ի՛նչ որ ենք, ինչ որ ունինք կը պարտինք հին սերունդին: Պատի՛ւ ու յարգա՜նք մեր հին սերունդին»:

Տարեցները մեծարելու դիտանկիւնէն մեկնած եւ նախաձեռնութեամբ Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան, գործակցաբար LIONS International Club-ի, կիրակի, 6 նոյեմբեր 2022-ին, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ Տարեցներու միջազգային օրուան առիթով ճաշ եւ ընկերային հաւաք տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան հայ համայնքին մէջ գործող հայկական ընկերաբժշկական տարբեր կառոյցներէն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի Քարիթաս մասնաճիւղէն երեք հարիւր տարեցներ:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` գաղութին համայնքային, եկեղեցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ, Հայ համանքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան անդամներ, LIONS International Club-ի ներկայ եւ նախկին կառավարիչներ, վարչական անդամներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ համանքի ընկերային ծառայողներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի  Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ տարեցները մեր ընկերութեան հիմերն են, որոնք դաստիարակած են մեզ ազգային ու քրիստոնէական արժէքներով: Ան իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն` ըսաւ, որ անոնք պահեցին մեր ընտանիքները, սորվեցուցին ըլլալ լաւատես, համբերատար: Մեր ընկերութիւնը իր բոլոր կառոյցներով մեծ բան կը պարտի տարեցներուն: Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան խրախուսեց զանոնք աղօթելու Լիբանանի համար` աւելի բարօր օրեր ունենալու հեռանկարով:

Այնուհետեւ օրուան յայտագիրը վարեց ատենադպրուհի Մարիա Եագուպեան-Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու հռչակաւոր պատանի Ռայանը:

Ողջոյնի խօսքերէն ետք Խաչիկ վրդ. Գույումճեան աղօթք բարձրացուց եւ ճաշասեղանը օրհնեց: Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն Մարիա Եագուպեան (քանոն) եւ Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկ), ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը երկու պար ներկայացուց:  Մարիա-Ճեսիքա Հաշոլեան երկու մեներգ կատարեց, ապա, անգամ մը եւս, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն երկու նուագով հանդէս եկան Սելա Սվաքճեան (ջութակ) եւ Քեւըն Եուսըֆ (դաշնամուր):

Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց վերապատուելի Նշան Պագգալեան:

Հուսկ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տհոլահարներու խումբը ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Աւարտին Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան փակման աղօթք կատարեց, որմէ ետք պաշտօնական հիւրերը խմբային նկար ունեցան: Նաեւ վարչութիւնը բեմ հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցները եւ գնահատանքի նուէրներ յանձնեց անոնց:

Եզակի եւ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր տարեցներու օրուան այս ձեռնարկը, որ ժպիտ մը ուրուագծեց անոնց դէմքին եւ ընկերութեան մէջ իրենց վաստակը գնահատելու արժանի յարգանքի դոյզն արտայայտութիւն մը դրսեւորեց:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2022, 08:00