1667143970727.JPG

Լիբանան մուտք գործեց նախագահական դատարկութեան փուլ

Սպասելով հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2022-ի խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին խորհրդարանին մէջ պիտի կարդացուի նախագահ Աունի նամակը, երկիրը կը մնայ անորոշ եւ քաղաքական դատարկ իրավիճակի մէջ:

Երէկ կէս գիշերէն սկսեալ Լիբանան պաշտօնապէս մուտք գործեց նախագահական դատարկութեան փուլ` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական վեցամեայ նստաշրջանին աւարտը:

Տակաւին քանի մը օր առաջ պատմական նուաճում մը իրագործուած ըլլալու նշոյլները չըմբոշխնած, լիբանանցին արդէն իսկ մուտք գործեց քաղաքական նոր տագնապ մը, որուն շրջագիծին մէջ կան հարցականներ, թէ ստեղծուածը նախագահական դատարկութի՞ւն է, թէ՞ սահմանադրական:

Այս հարցականները կը վերաբերին երկրին կառավարութեան օրինական չըլլալուն եւ նախագահ Աունի կողմէ անոր հրաժարականը ընդունած ըլլալու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող լուրերուն ու մեկնաբանութիւններուն:

Սպասելով հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2022-ի խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին խորհրդարանին մէջ պիտի կարդացուի նախագահ Աունի նամակը, երկիրը կը մնայ անորոշ եւ քաղաքական դատարկ իրավիճակի մէջ:

Նշենք, որ նամակը կը վերաբերի հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները կառավարութեան փոխանցելու մասին նախագահ Աունի մերժումին:

Միւս կողմէ, նախագահական ընտրութեան առումով համախոհութիւն գոյացնելու կամ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւն կատարելու որոշ միտում մը կայ, իսկ կառավարութիւնը մետասաներորդ պահուն կազմելու մասին յոյսերն ու նշոյլները ի դերեւ ելան այն պահուն, երբ նախագահ Աուն յայտարարեց, թէ ինք կառավարութեան հրաժարականը ստորագրած է:

Մինչ երկիրը կրնայ ուղղուիլ դէպի քաղաքական յաւելեալ լուրջ քաոս մը, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիուապոն:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնը Լիբանանը ընտրելը ինքնին վստահութեան նշան է եւ հաստատում մը Լիբանանի ունեցած մշակութային եւ քաղաքակրթական դերակատարութեան` շրջանին եւ աշխարհին մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2022, 07:58