ՕԹԱՆ ՕԹԱՆ 

«ՕԹԱՆ-ը Կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կ՛ողջունէ այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ջանքերը» կ՛ըսէ Քոլոմինա

ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կ՛ողջունէ այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ջանքերը, ներառեալ այս բանակցութիւններու հիւրընկալումն ու մեկնարկը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` ողջունելով այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ջանքերը:

Քոլոմինա այս մասին գրեց «Թուիթըր»-ի վրայ` անդրադառնալով հինգշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի երրորդ նիստին:

«Լաւ նորութիւն է տեսնելը, որ մեր գործընկերները կը քննարկեն սահմաններու սահմանազատումը, ինչ որ անհրաժեշտ է այդտեղ անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար: ՕԹԱՆ-ը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կ՛ողջունէ այդ ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ջանքերը, ներառեալ այս բանակցութիւններու հիւրընկալումն ու մեկնարկը», գրած է Քոլոմինա:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2022, 08:52