1116France-1.jpg

Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ

Ֆրանսայի արտաքին առեւտուրի նախարար Օլիվիէ Պեխթ չառարկեց բանաձեւի ընդունման, սակայն նաեւ չյստակացուց, թէ արդեօք կառավարութիւնը պիտի ուղղուի՞ պատժամիջոցներու ճամբով։

15 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի Ծերակոյտը 295 թեր, 1 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը, որմով կոչ կ՛ուղղէ կառավարութեան՝ պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի դէմ, իսկ Պաքուէն կը պահանջէ  Հայաստանի տարածքէն զօրքերը դուրս բերել եւ հայ ռազմագերիները ազատ արձակել:

Ֆրանսայի արտաքին առեւտուրի նախարար Օլիվիէ Պեխթ չառարկեց բանաձեւի ընդունման, սակայն նաեւ չյստակացուց, թէ արդեօք կառավարութիւնը պիտի ուղղուի՞ պատժամիջոցներու ճամբով։

«Հայ ժողովուրդը, որ այդքան տառապանքներ կրած է, պէտք է տեսնէ, որ բոլոր գերիները կը վերադառնան, եւ այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու: Ատրպէյճան պէտք է նաեւ առանց նախապայմաններու դուրս ելլէ Հայաստանի տարածքէն եւ յարգէ այդ երկրի ինքնիշխանութիւնը», ըսաւ ծերակուտական Փաթրիք Քանէ:

Ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիաս յայտնեց, թէ Ատրպէյճան Հայաստանի մէջ կը կիրարկէ նոյն մարտավարութիւնը, զոր Ռուսիա որդեգրած է Ուքրանիոյ մէջ՝ ընդգծելով. «Բացի այդ, Ատրպէյճան կ՛օգտուի ռուս-ուքրանական պատերազմէն` փորձելով սահմանները առջեւ տանիլ: Տհաճ է, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը Պաքուի մէջ կազի վերաբերող պայմանագիր կնքած է եւ Ատրպէյճանը կը նկատէ իր գործընկերը: Արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք մոռնալու մեր բոլոր արժէքները եւ սկզբունքները` նաւթի եւ կազի դիմաց»:

Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին՝ դուրս բերելու ուժերը Հայաստանի տարածքէն եւ երաշխաւորելու, որ Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը մնայ անփոփոխ` 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան հիման վրայ: «Կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան՝ եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ դիտարկելու ատրպէյճանական նոր յարձակումներուն ամէնէն ուժգին, համարժէք արձագանգելու միջոցները, որոնց կարգին՝ ատրպէյճանցի առաջնորդներու ունեցուածքի բռնագանձումը եւ ատրպէյճանական կազի ու նաւթի ներածման վրայ արգելք դնելու հնարաւորութիւնը», կը նշուի բանաձեւին մէջ։

Ծերակոյտը նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն կը խնդրէ դիտարկել Արցախի մէջ մարդասիրական գրասենեակ մը հիմնելու հարցը, ինչպէս նաեւ բոլոր միջոցներով ցոյց տալ Փարիզի աջակցութիւնը Երեւանին` քննարկելով Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդումը:

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ ի՛նչ պահանջներ ներկայացուց Ֆրանսայի Ծերակոյտը.

– Կը պահանջէ հեռացնել Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն եւ յարգել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը.

– Կոչ կ՛ուղղէ՝ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ ապահովելու անոնց վերադարձը հայրենիք.

– Կ՛առաջարկէ Ֆրանսայի կառավարութեան, եւրոպական գործընկերներուն հետ համագործակցաբար, պատասխան դիւանագիտական եւ տնտեսական միջոցներ նախատեսել Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակման համար պատժելու նպատակով, նաեւ կիրարկելու պատժամիջոցներ, որոնք թիրախ պիտի դարձնեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսեն արգելք դնել Ատրպէյճանէն կազի եւ նաւթի ներածման հարցին մէջ.

– Կը վերահաստատէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ Արցախի մէջ հիմնել մարդասիրական գրասենեակ մը.

– Կ՛առաջարկէ կառավարութեան՝ դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման աջակցելու կարելիութիւնները:

Բանաձեւի ընդունման նիստին պատուոյ հիւրի կարգավիճակով ներկայ եղան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:

ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով՝ ողջունեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը, որուն միջոցաւ կը դատապարտուի Ատրպէյճանի յարձակողական եւ հայատեաց քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ:

«Բանաձեւում ընդգծւում է, որ Ադրբեջանի կրկնուող ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սպառնում են արցախահայութեան անվտանգութեանն ու ազատութեանը: Սենատը կոչ է անում Ֆրանսիայի կառավարութեանը անել հնարաւորը, որպէսզի Ադրբեջանը անյապաղ միանայ բանակցային գործընթացին` Հարաւային Կովկասում կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Նման բովանդակութեամբ բանաձեւի ընդունումը կարեւոր քայլ է ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ իրաւական, ե՛ւ բարոյական տեսանկիւններից, քանի որ Ադրբեջանի ծաւալապաշտական եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւնը լուրջ մարտահրաւէր եւ սպառնալիք է ոչ միայն հայ ժողովրդի եւ հայոց պետականութեան, այլ նաեւ տարածաշրջանային կայունութեան եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ աշխարհի համար: Երախտագիտութիւն ենք յայտնում Ֆրանսիայի մեր բարեկամներին` աներկբայ եւ սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրելու համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ

Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին մօտ, ատրպէյճանական համայնքը կատարեց բողոքի ցոյց մը՝ ընդդէմ «հակաատրպէյճանական» բանաձեւին։

Ատրպէյճանցիները ֆրանսացի օրէնսդիրներուն կոչ ուղղեցին՝ «արդար ըլլալու»:

Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ բողոքին մասնակցողները նաեւ ստորագրահաւաք կատարեցին «հակաատրպէյճանական» բանաձեւին դէմ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2022, 08:45