Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ 

«Մեր ժողովուրդին հաշուետուութիւն կատարելու յանձնառութիւնը առանցքային տեղ կը գրաւէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ազգային ընդհանուր ժողովի նիստերէն ետք, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2022-ին, մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ մեր ժողովուրդին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապ

Անցնող օրերուն Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, կաթողիկոսանիստ մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային ընդհանուր ժողովը, որ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն ժողովն է եւ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը: Յիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր ու պատմական Ս. աթոռին ենթակայ աշխարհատարած թեմերը` ներկայացնելով մեր համայնքներու ժողովուրդի զաւակները:

Արդարեւ, Ազգային ընդհանուր ժողովի նիստերէն ետք, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2022-ին, մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ մեր ժողովուրդին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը` իբրեւ բնաբան ունենալով «Տուր զհամար տնտեսութեան քո» (Ղկ 16.2) աւետարանական համարը:

Անդրադառնալով ընդհանրապէս մեր ազգային եւ յատկապէս քրիստոնէական կեանքին մէջ հաշուետուութեան բարոյական սկզբունքին եւ հիմնուելով աստուածաշնչական օրինակներուն վրայ` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ հաշուետուութիւնը քրիստոնէական ու բարոյական արժէքներու ու սկզբունքներու շարքին առանցքային տեղ կը գրաւէ: Ուստի, եկեղեցին քրիստոնեայ անհատներու ամբողջութիւնը ըլլալով, Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան վրայ հաստատուած, որեւէ կազմակերպութենէ աւելի կոչուած է հաշուետուութիւն կատարել նախ Աստուծոյ եւ ապա իր ժողովուրդին: Այս պատասխանատուութեամբ, գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ գործած է ու կը շարունակէ գործել մեր եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ անցնող օրերու ընթացքին գումարուած Ազգային ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն եւ մեր առաքելութեան առնչուած եօթը կարեւոր բնագաւառներուն ու մարզերուն, որոնք լուսարձակի տակ առնուած էին եւ յատուկ նիստերով քննարկումի առարկայ դարձած էին ժողովին կողմէ:

1) Հայ ընտանիք: Այսօր հայ ընտանիքը կը դիմագրաւէ ահաւոր դժուարութիւններ. բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքները սկսած են դառնալ լուսանցքային: Այս կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ, որովհետեւ մեր ազգի ապագան խարսխուած է հայ ընտանիքին վրայ: Ունենալ առողջ հայ ընտանիք, բարոյական, հոգեւոր ու ազգային իմաստով, կը նշանակէ ունենալ պայծառ եկեղեցի եւ հզօր հայութիւն, շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

2) Մեր եկեղեցւոյ բարեկարգում: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ այս մասին յաճախ անդրադարձած ենք: Հայ եկեղեցին զմռսուած ու կաղապարուած գոյութիւն մը չէ, այլ մեր կեանքին մէջ ապրող, գործող, վկայող ու ծառայող կենդանի ներկայութիւն է: Պահելով հանդերձ մեր եկեղեցւոյ հիմնական արժէքները, աւանդութիւնները, ուսուցումները եւ իր միութիւնը, ան կոչուած է տեսնելու մեր ժողովուրդի կարիքներն ու սպասումները, նայելու մեր շրջապատին եւ մտածելու, թէ ի՞նչ կերպով եկեղեցին կրնայ ինքզինք վերանորոգել, որպէսզի իր ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ դառնայ աւելի ազդու:

3) Հայ եկեղեցւոյ կողքին մեր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է հայ դպրոցը: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ մեր կեանքին մէջ եկեղեցւոյ ու դպրոցին գոյակցութիւնը, յաճախ կողք-կողքի, պարագայական երեւոյթ մը չէ: Սա խորունկ իմաստ մը ունի: Ինչ որ դպրոցը պայմաններու բերումով չի կրնար կատարել, մարդակերտումի ու հայակերտումի իմաստով, եկեղեցին է, որ կը կատարէ եւ` փոխադարձաբար: Եկեղեցին իր արժէքներով եւ ուսուցումներով ներկայութիւն պէտք է դառնայ հայ դպրոցին մէջ: Ընդգծելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ նշեց, որ հայ դպրոցը միայն գիտութիւն ու ծանօթութիւն ջամբող կրթարան մը չէ, այլ նաեւ հայուն մէջ քրիստոնեայ հայը կերտող առաքելութիւն է ան: Հետեւաբար, այսօր մենք կոչուած ենք մեր թեմերուն մէջ, մեր կրօնական ու ազգային իշխանութեանց հետ միասին, մտածել ու ծրագրել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հայ դպրոցը դարձնել կեդրոն մը, ուր, հայ աշակերտին կազմաւորման ճամբով, կը պահպանուին մեր աւանդութիւնները եւ մեր բարոյական ու հոգեւոր արժէքները:

4) Իր պատգամի չորրորդ բաժինը վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով տրամադրած էր երիտասարդութեան: Ան հաստատեց, որ մեր բոլոր թեմերուն ու կազմակերպութիւններուն օրակարգերուն վրայ երիտասարդութիւնը յատուկ ուշադրութեան ու խնամքի առարկայ պէտք է դառնայ: Վեհափառ հայրապետը մեր թեմերու ու կազմակերպութիւններու ուսերուն վրայ դրաւ պարտականութիւնը երիտասարդները ներառելու մեր եկեղեցական, ազգային թէ միութենական կեանքին մէջ, նոյնիսկ ղեկավարութեան մակարդակներով: Ինչպէս յաճախ շեշտած ու յիշեցուցած է վեհափառ հայրապետը, անգամ մը եւս նշեց, թէ երիտասարդները չեն կրնար լուռ կերպով հետեւիլ մեզի. անոնք ըսելիք եւ ընելիք ունին մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

5) Անցնող տարիներուն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքները յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ընկերային ծառայութեան առանցքը դարձան: Մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, համազգային տարողութեամբ, հանգանակութիւններ կազմակերպեցինք` գործնապէս զօրակցելու մեր երկու համայնքներուն եւ պիտի շարունակենք մեր գործնական զօրակցութիւնը արտայայտել անոնց: Խօսելով զօրակցութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ զայն միայն տնտեսական դիտանկիւնէն պէտք չէ դիտել. զօրակցութիւնը շա՜տ աւելի լայն հասկացողութիւն ու ըմբռնում ունի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ուր որ կարիք կայ օժանդակութեան, աջակցութեան կամ զօրակցութեան, հայութիւնը դիտելով իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, իր կարելին պիտի կատարէ հասնելու համար մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն, եւ սա սովորական իմաստով օժանդակութիւն չէ, այլ մեր ժողովուրդին հետ ըլլալ է, մեր ժողովուրդին ցաւակից ըլլալ է եւ անոր ցաւերուն` ցաւակից. այլ խօսքով` նոյնանալ է մեր ժողովուրդին: Այսպէ՛ս ըրաւ Քրիստոս եւ այս պատգամը կ՛ուղղէ մեզի այսօր, նոյնանալ մեր ժողովուրդի տագնապներուն, սպասումներուն ու կարիքներուն:

6) Խօսելով սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականին մասին` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խոր մտահոգութեամբ յայտնեց սփիւռքին հիմնովին փոխուած ըլլալու պարագան: Ան ըսաւ, թէ սփիւռքը սկսած է  ծաւալիլ, գունաթափիլ եւ նոյնիսկ նահանջել: Արամ Ա. կաթողիկոս իր 2022 տարուան հայրապետական հռչակագիրին մէջ կարեւորութեամբ շեշտած է, որ այլեւս մենք չենք կրնար եւ իրաւունքը չունինք սփիւռքը ձգելու իր ներկայ վիճակին մէջ: Անդրադառնալով այսօրուան մեր իրականութեան` ան յայտնեց, որ կ՛ապրինք համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, նախկինէն տարբեր պայմաններով ու տարբեր մարտահրաւէրներով. հետեւաբար, այս բոլորին դիմաց սփիւռքը կոչուած է ինքզինք վերաքննելու, վերաճանչնալու` պահելով մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հիմնական արժէքները, որոնք հայուն մէջ հայը կը կազմաւորեն, հայու ինքնութիւնը կը պահեն: Ահա թէ ինչու մեր բոլոր թեմերը, առաջնորդ սրբազաններու ու ազգային իշխանութեանց առաջնորդութեամբ եւ մեր քոյր կազմակերպութիւններուն մասնակցութեամբ, կոչուած են ինքնաքննութեան ու ինքնարժեւորումի ընթացքի մէջ մտնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր գաղութներուն աշխուժացում ու կենսաւորութիւն տալ եւ զանոնք դարձնել աւելի մասնակից մեր եկեղեցւոյ ու մեր ազգի կեանքին:

7) Իր պատգամի վերջին կէտով վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանին: Ան յիշեցուց, թէ երբ Հայաստանը իր անկախութիւնը վերագտաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր թեմերով, օժանդակեց անոր եւ գործնապէս մասնակից դարձաւ անոր հզօրացման: Անցնող շուրջ 32 տարիներուն ընթացքին, զանազան կերպերով, կաթողիկոսարանը ու մեր թեմերը այլազան ծրագիրներ իրագործեցին Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ պիտի շարունակեն իրագործել, որովհետեւ Հայաստանի հզօրացումը սփիւռքի հզօրացումն է եւ սփիւռքի հզօրացումը` Հայաստանին: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Ազգային ընդհանուր ժողովին ընթացքին մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիութիւնը լոզունգ չէ ու պէտք չէ ըլլայ. զայն անհրաժեշտ է գործնապէս արտայայտել: Սակայն, բոլորս քաջ գիտենք, թէ Հայաստանը շրջապատուած է ներքին ու արտաքին դժուարութիւններով, ներքին բեւեռացումներով ու արտաքին տագնապներով. այս ուղղութեամբ մենք, իբրեւ սփիւռք եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, ըսելիք եւ ընելիք ունինք: Արցախի անկախութեան պաշտպանութիւնը համահայկական մտահոգութիւն է, կոչ է, մարտահրաւէր է: Հայաստանի անվտանգութեան, ամբողջականութեան եւ անկախութեան պաշտպանութիւնը երբեք չի կրնար վիճելի դառնալ, երբեք չի կրնար սակարկութեան նիւթ ըլլալ. սա համահայկական մտահոգութիւն մըն է եւ մտահոգութենէ աւելի կեցուածք պէտք է ըլլայ: Մեր Ս. աթոռը, իր վեհափառ հայրապետով, իր տեսակէտներուն ու կեցուածքներուն մէջ միշտ եղած է յստա՛կ. ո՛չ երկդիմի, ո՛չ վախկոտ, ո՛չ ալ լպրծուն, որովհետեւ մեր կեցուածքները իրենց մղումը ստացած են ու կը ստանան մեր հայրենիքին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգի գերագոյն ու ընդհանրական շահերէն եւ իտէալներէն:

Վերջապէս, իր պատգամի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ահաւասիկ հակիրճ գիծերով հաշուետուութիւնը Ազգային ընդհանուր ժողովին ձեզի՛, մեր ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներ: Դուք էք մեր հզօրութեան աղբիւրը, դուք էք մեր հպարտութիւնը, դուք էք մեր ուրախութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հզօրութեան աղբիւրը ո՛չ կաթողիկոսարանի շէնքերն են եւ ո՛չ ալ նիւթական գանձերն են. մեր հպարտութեան աղբիւրը դուք էք, մեր հոգեւորականներն են եւ բոլոր անոնք, որոնք, կոչումի գիտակցութեամբ, մեր եկեղեցին ժողովուրդին կը տանին: Հոս է մեր հզօրութեան, ուրախութեան ու հպարտութեան աղբիւրը, հոս կը կայանայ նաեւ մեր առաքելութիւնը, որուն մաս կը կազմենք բոլորս»: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց մեր բոլոր թեմերուն, առաջնորդ սրբազաններուն, հոգեւորականաց դասուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր բարերարներուն ու բարեկամներուն, մեր բոլոր կառոյցներուն, մեր համայնքներուն մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով, ծառայութեամբ մասնակից դարձան ու պիտի դառնան, վստահաբար, մեր հաւաքական առաքելութեան, եւ մենք Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ պիտի շարունակենք Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդին կողմէ մեզի վստահուած մեր սրբազան առաքելութիւնը իրագործել ի փառս Աստուծոյ, ի պանծացումն հայ եկեղեցւոյ եւ ի հզօրացում մեր հայրենիքին ու ժողովրդեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2022, 08:55