Հայաստան եւ Հունգարիա պիտի վերականգնեն դիւանագիտական յարաբերութիւննները
Հայաստանի եւ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ, որ Հայաստան եւ Հունգարիա վերականգնեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Արարատ Միրզոյեան եւ Փեթեր Սիյարթօ Լեհաստանի մէջ՝ ԵԱՀԿի նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումին մտադրութիւն յայտնեցին նոր էջ բանալու հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն մէջ՝ «հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի վրայ», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ հաղորդման՝ Երեւան եւ Պուտափեշտ ոչ-մնայուն դեսպաններ պիտի նշանակեն՝ ուսումնասիրելու յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները, յատկապէս առեւտուրի, մշակոյթի, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: Յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսին անհրաժեշտ դիւանագիտական եւ վարչական ընթացակարգերը:
Աւելի կանուխ «Ազատութիւն»ը՝ յղում ընելով դիւանագիտական աղբիւրին, յայտարարեց նախատեսուող հանդիպումին մասին: «Հաշուի առնելով փաստը, որ Հունգարիան անցած տարի աջակցել է 5 հայ ռազմագերիների հայրենադարձմանը, Հայաստանը քննարկում է դիւանագիտական յարաբերութիւնների վերականգնման հնարաւորութիւնը», «Ազատութեան» յայտնեց դիւանագիտական աղբիւրը:
Յայտնենք, որ Հայաստանի եւ Հունգարնիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները դադրեցան 2012 թուականէն՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի որոշմամբ՝ 2004ին Հունգարիոյ մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան համար դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովի՝ Ատրպէյճան արտայանձնումէն ետք:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ