Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգային ընդհանուր ժողով 7-9 դեկտեմբեր 2022
Նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, 7-9 դեկտեմբեր 2022-ին կաթողիկոսանիստ մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովը:
Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ թեմերէն ժամանող աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ:
Երեք օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր ժողովը ընթացք պիտի առնէ վեհափառ հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու ներկայացումը եւ քննարկումը: Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ազգային պահանջատիրութեան, սփիւռքի վերակազմակերպման եւ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան առնչուած շարք մը հարցեր:
Ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի յառաջիկայ առաքելութեան առաջնահերթութիւններու ու գլխաւոր մարզերու ճշդում:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ