alecco-and-Ani-Bezikian_127.jpg

Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը 200,000 տոլար նուիրեցին Լիբանանի Ազգային Վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն

Յայտնենք, որ Ազգային ընդհանուր ժողովի ընթացքին, երբ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայ գաղութին կատարուած տնտեսական օժանդակութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այս ծիրին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կատարած յաջորդական օժանդակութիւններուն` կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ յատկապէս առողջապահական պարագաներուն:

Յատուկ ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը 200.000 տոլար նուիրեց կաթողիկոսարանին` տրամադրուելու համար Լիբանանի ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն իբրեւ կրթաթոշակ:

Յայտնենք, որ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու Ազգային ընդհանուր ժողովին, սակայն բանաւոր պատճառով չկրցան ներկայ ըլլալ: Այս առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ուղղած իրենց նամակին մէջ գրեցին հետեւեալը. «Վեհափա՛ռ տէր, այսօր, երբ բացումը կը կատարէք Ազգային ընդհանուր ժողովին, ես եւ տիկինս` Անին, մեր անհուն ուրախութիւնը եւ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ձեզի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Առողջական պատճառներով պիտի չկարենանք ներկայ գտնուիլ Կիլիկիոյ Ս. աթոռին համար յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող այս ժողովին»:

Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան` նամակին մէջ կը նշուի. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր համահայկական առաքելութեամբ կեդրոնական դեր գրաւած է սփիւռքի մէջ, հոգեւոր ծառայութեան կողքին նաեւ Հայ դատի հետապնդման, կրթական կեանքի զարգացման եւ հայ մշակոյթի ծաղկման մարզերուն մէջ: Որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ է դերը, ամէ՛ն իմաստով, այս Ս. աթոռին, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ: Այսօր Դուք էք, սիրելի՛ վեհափառ հայր, առաջնորդը Անթիլիասի մեծ առաքելութեան եւ զայն կը կատարէք իմաստութեամբ, քաջութեամբ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները ազգային գերագոյն իտէալներու շուրջ համախմբելու վճռականութեամբ: Մենք, հեռաւոր Զուիցերիայէն, իբրեւ հաւատարիմ բարեկամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական Ս. աթոռին, ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը հետեւինք Ձեր հսկայ աշխատանքին: Անցնող երկու տարիներու ընթացքին կամովին, եւ միշտ խորհրդակցելով Ձեզի հետ, մեր գործնական զօրակցութիւնը յայտնեցինք Ձեզի` Լիբանանի հայութեան ընկերային-տնտեսական կարիքներուն օգտակար ըլլալու Ձեր հայրական ճիգին մէջ: Մեր սպասումն է, որ ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար ըլլալու մեր նախանձախնդրութեան նաեւ միանան ունեւոր ազգայիններ` գործնապէս ցոյց տալով իրենց ազգային ոգին»:

Ապա, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ կը գրեն. «Այս առիթով ես եւ Անին որոշած էինք 200.000 (երկու հարիւր հազար) ամերիկեան տոլար դնել Ձերդ սրբութեան տրամադրութեան տակ` Ձեր հայեցողութեամբ տրամադրելու կաթողիկոսարանի ծրագիրներուն: Վեհափա՛ռ տէր, դուք հայրական սիրով ու գնահատանքով ընդառաջելով մեր ջերմ փափաքին, Ձեր կարգին ուզեցիք, որ յիշեալ գումարը ամբողջութեամբ տրամադրուի Լիբանանի մեր ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն իբրեւ կրթաթոշակ: Ահաւասիկ Ձեր հայրական գուրգուրանքը հայ դպրոցին ու կարիքաւոր ընտանիքներուն նկատմամբ, որ ինքնին ցոյց կու տայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժողովրդանուէր ծառայութիւնը: Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ մենք Ձեզի հետ ենք եւ` Անթիլիասի ազգանուէր առաքելութեան կողքին»:

Յայտնենք, որ Ազգային ընդհանուր ժողովի ընթացքին, երբ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայ գաղութին կատարուած տնտեսական օժանդակութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այս ծիրին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կատարած յաջորդական օժանդակութիւններուն` կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ յատկապէս առողջապահական պարագաներուն: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ազգային բարերար ամոլին եւ այս առիթով նաեւ Ընդհանուր ժողովին կարդացուեցաւ վեհափառ հայրապետին իրենց ուղղած նամակը, ուր նաեւ յիշուած էր ամոլին կատարած օժանդակութիւնը ազգային վարժարաններուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2022, 09:00