1224Shushi-670x375.jpeg

Արցախցիները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին Ռուս հրամանատարին` պահանջելով բանալ ճամբան

12 օր շրջափակուած Արցախի մէջ արդէն սկսած են սպառիլ ներածուած ուտելիքի, դեղորայքի եւ մանուկներու ուտելիքի վերջին պաշարները:

Խումբ մը արցախցիներ 23 Դեկտեմբերին մօտեցան Շուշիի մօտ գտնուող ռուս խաղաղապահներու անցակէտին, որմէ ոչ հեռու արդէն 12րդ օրն է` բնապահպան ներկայացող ատրպէյճանցիները արգելափակած են Լաչինի միջանցքը: Արցախցիները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին խաղաղապահներու հրամանատարներէն մէկուն՝ յիշեցնելով, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ռուսական կողմը պարտաւոր է երաշխաւորել միջանցքով ապահով երթեւեկը:

«Դուք էլ մեզ հասկացէք, այդ եռակողմ յայտարարութեամբ առանց կռուի տուել ենք Քելբաջարի, Լաչինի շրջանները, որպէսզի Ռուսաստանը մեզ համար ապահովի անվտանգ միջանցք», ըսաւ «Վաղուայ Արցախ» կուսակցութեան համահիմնադիր Տիգրան Պետրոսեան:

Ան ռուս հրամանատարէն խնդրեց, պահանջեց բանալ ճամբան՝ ուժով, թէ այլ միջոցով: «Խնդրում եմ` բացէք ճանապարհը, դա պետական մակարդակով կազմակերպուած սադրանք է, մեզ մօտ ոչ մի բնապահպանական խնդիրներ չկան: Մենք Ռուսաստանի հետ միասին կարող ենք միջազգային առաքելութիւն հրաւիրել, մեզ եւս մտահոգում է մեր էկոլոգիան (բնապահպանութիւնը), թող ստուգեն հողը, ջուրը, որ կոնֆլիկտը (բախումը) լուծուի»:

Քաղաքացիներուն ընդառաջ եկած ռուս հրամանատարը ըսաւ, թէ նոյն այդ պահուն ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կ՛ընթանան: «Իմաստ չունի հիմա այնտեղ երթալը, դուք միայն կը սրէք իրավիճակը», նշեց ան:

Արցախցիները վերադարձան Ստեփանակերտ` տեղեկացնելով, որ յաջորդ օր եւս պիտի փորձեն մօտենալ եւ խօսիլ ատրպէյճանցիներուն հետ եւ յոյս ունին, որ ռուս խաղաղապահները թոյլ պիտի տան:

12 օր շրջափակուած Արցախի մէջ արդէն սկսած են սպառիլ ներածուած ուտելիքի, դեղորայքի եւ մանուկներու ուտելիքի վերջին պաշարները:

Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Ատրպէյճանի շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը «շատ բարդ» կ՛որակէ։ «Մենք ամէն ինչ կամաց-կամաց գցում ենք հունի մէջ», ըսաւ ան։

Ադրբեջանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակեուլուն պատճառով, Արցախ արդէն 12 օր է` շրջափակման մէջ է` զրկուած ըլլալով պարէնի, դեղամիջոցներու, լայն սպառման ապրանքներու մատակարարումներէն:

Արցախի Հանրապետութեան հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը  կարգաւորող յանձնաժողովի տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան վարչութեան պետ Հրաչ Աւթանդիլեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մեծ սպառում ունեցող ուտելիքներ արդէն երկու օրէ ի վեր անգտանելի են։

«Նախքան շրջափակումը յանձնաժողովի մոնիթորինգների (ստուգման) ընթացքում ֆիքսւում (կ՛որոշուէին) էին բանջարեղէնի եւ մրգերի աւելի մատչելի տեսականիների իրացման գները, եւ արդէն աւելի էժան ապրանքատեսակների բացակայութեամբ պայմանաւորուած, ֆիքսւում են որակապէս աւելի բարձր յատկանիշներ ունեցող ապրանքատեսակները` իրացման համապատասխան գներով», նշեց Աւթանդիլեան` աւելցնելով, որ  նման  դիտարկումներ կատարուած են  նաեւ Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքներուն մէջ:

«Դեկտեմբերի 22ի դրութեամբ Ստեփանակերտ քաղաքում դիտարկուած մթերային խոշոր խանութներում նկատւում է որոշ ապրանքատեսակների պակաս, մասնաւորապէս` բրնձի, ոլոռի, ձաւարի, ձէթի, տեղական արտադրութեան կարագի, երշիկի, նրբերշիկի եւ ծխախոտի որոշակի տեսակների, իսկ որոշ ապրանքատեսակներ առեւտրային օբյէկտներում (վայրերու, կեդրոններու մէջ) գրեթէ բացակայում են, մասնաւորապէս` շաքարաւազ, հնդկաձաւար, ոսպ, ալիւր, տեղական արտադրութեան ձու», մանրամասնեց Աւթանդիլեան:

Անդրադառնալով  նախաշրջափակման համեմատ գնային փոփոխութիւնների  մասին հարցին`Աւթանդիլեան հաւաստիացրեց, որ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, յանձնաժողովը մշտական կապի մէջ է տնտեսավարող սուբյեկտներու հետ. նկատելի է անոնց բարձր պատասխանատուութիւնը:

Ներկայացնելով կարեւոր դեղերու  բացակայութեան  կամ սպառման եզրին գտնուելուն, ինչպէս նաեւ անոնց գիներու փոփոխութիւններու  վերաբերեալ  դիտարկումներու արդիւնքները՝  ան տեղեկացուց, որ յանձնաժողովին կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ դիտարկումներ կը կատարուին  նաեւ Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ գործող 8 դեղարաններուն` «վերահսկելու եւ թոյլ չտալու դեղամիջոցների, մանկական կերերի եւ տակդիրների իրացման գների անհիմն բարձրացումները»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2022, 08:30