1670506990589.jpg

«Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութիւնը կրնայ տեւական հոլովոյթ դառնալ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Ուքրանիոյ տագնապին աւարտը կախեալ է Զելենսքիէն»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութիւնը կրնայ տեւական հոլովոյթ դառնալ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Փութին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահին առընթեր մարդու իրաւունքներու խորհուրդի անդամներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Ինչ կը վերաբերի յատուկ զինուորական գործողութեան արդիւնքներու երկար հոլովոյթին, ապա, ի հարկէ, ասիկա կրնայ երկար հոլովոյթ դառնալ: Սակայն դուք նշեցիք, որ նոր տարածքներ յայտնուած են, ասիկա այնքան նշանակալի արդիւնք է Ռուսիոյ համար, ասիկա լուրջ հարց է», ըսած է Փութին:

«Եւ ի՞նչ պահենք: Ազովի ծովը դարձաւ Ռուսիոյ ներքին ծովը: Ասոնք լուրջ բաներ են: Պետրոս Ա.-ը կը պայքարէր Ազովի ծով հասնելու համար», ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ կարեւորագոյնը մարդիկն են, որոնք այդ տարածքներուն մէջ կ՛ապրին:

«Հանրաքուէի արդիւնքները ցոյց տուին, որ մարդիկ կ՛ուզեն ըլլալ Ռուսիոյ կազմին մէջ: Եւ անոնք իրենք զիրենք կը նկատեն այս աշխարհի մէկ մասը, այս տարածութեան, մեր հասարակաց մշակոյթի, աւանդութիւններու, լեզուի մէկ մասը: Եւ ասիկա կարեւորագոյն արդիւնքն է: Եւ անոնք այժմ մեզի հետ են: Եւ ասոնք միլիոնաւոր մարդիկ են, ասիկա կարեւորագոյնն է», ըսած է Փութին:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Ռուսիոյ մէջ լրացուցիչ զօրակոչի մասին խօսիլը իմաստ չունի, ատոր կարիքը չկայ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Ուքրանիոյ տագնապին աւարտը կախեալ է Զելենսքիէն»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2022, 08:21