mirzoyan_guterres_1215.jpg

Միրզոյեան Կութիերեսին ներկայացուցած է Արցախի շուրջ վերջին զարգացումները

Ընդգծուած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը, նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուականի հաղորդագրութեան մէջ:

Շրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս` Ազրպէյճանի կողմէ 12 դեկտեմբերին Լաչինի միջանցքի փակումը, Լեռնային Ղարաբաղի կազամատակարարման խափանումը եւ անոնց հետեւանքով ի յայտ եկած մարդասիրական լուրջ մարտահրաւէրները ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպման ժամանակ:

Ընդգծուած է ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգի անհրաժեշտութիւնը, նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուականի հաղորդագրութեան մէջ:

Հայկական կողմը անդրադարձ կատարած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու շարունակուող բռնագրաւման խնդիրին, Հայաստան­Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հանգուցալուծման:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ ուժի կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքի, ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ հայատեացութեան իր քաղաքականութիւնը եւ առաւելապաշտական մօտեցումները, այդպիսով խաթարելով Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Միաժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի յանձնառութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2022, 08:44