Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան պատմական աւարտ. Արժանթին աշխարհի ախոյեան
Երէկ` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, վարագոյրը իջաւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալին, երբ կատարուեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսայի եւ Արժանթինի հաւաքականներուն միջեւ:
Երկու կազմերն ալ նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էին երկուքական անգամ, հետեւաբար անոնցմէ մէկը իր մարզաշապիկին վրայ պիտի աւելցնէր աստղ մը եւս:Այդ աստղը աւելցնողը հանդիսացաւ Արժանթին, որ փենալթիներով` 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսայի:
Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 3-3 արդիւնքով, որմէ ետք դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներու հարուածներուն:
Աշխարհի ախոյեանութիւնը պարտութեամբ սկսած Արժանթինի հաւաքականը անկարելին կարելի ընելով հասաւ աւարտականին եւ 36 տարի ետք դարձեալ բարձրացուց Մոնտիալի տիտղոսը:
Անիկա նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 1978-ին եւ 1986-ին:Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին բազմաթիւ տիտղոսներու տիրացած, սակայն միայն աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին չտիրացած Արժանթինի խմբապետ Լիոնել Մեսսի, բաւական երկար սպասումէ ետք, ի վերջոյ այս տիտղոսին ալ յաջողեցաւ տիրանալ:
88 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան կատարուած այս մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, իսկ անոր 120 վայրկեանները` 3-3 արդիւնքով:Ֆրանսայէն հեթրիքի հեղինակ դարձաւ Քիլիան Էմպափէ (80-րդ` փենալթիով, 81-րդ եւ 118-րդ` փենալթիով): Իսկ Արժանթինի կոլերը նշանակեցին Լիոնել Մեսսի (23-րդ` փենալթիով եւ 108-րդ) եւ Անխել տի Մարիա (36-րդ):
Ինչ կը վերաբերի փենալթիներու հարուածներուն, Արժանթինի ֆութպոլիստները նշանակեցին չորս կոլ, իսկ ֆրանսացիները` երկու կոլ, եւ մրցումը աւարտեցաւ հարաւային ամերիկեան կազմին յաղթանակով` 4-2 արդիւնքով:
Նշենք, որ Էմպափէ նշանակեց այս մրցումին իր չորրորդ կոլն ալ, իսկ Մեսսի` իր երրորդը:
ՖԻՖԱ-ին կողմէ մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Լիոնել Մեսսի:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ