Եւրոպական միութիւնը հաստատած է հայաստանի մէջ դիտորդական առաքելութիւն ստեղծելու որոշումը
Եւրոպական Միութեան խորհուրդը երէկ համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի տարածքին մէջ քաղաքացիական առաքելութեան (ԻԵՈՒՄԱ) ստեղծման:
«Առաքելութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան հաստատման, տեղւոյն վրայ վստահութեան ամրապնդման ու այնպիսի մթնոլորտի ձեւաւորման, որ կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Եւրոպական Միութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն», նշուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդի երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Հայաստանի մէջ առաքելութեան ստեղծումը Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան ներգրաւման նոր փուլի մեկնարկը կ՛ազդարարէ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ լարուածութեան թուլացման ուղղուած ջանքերուն` յանձնառու ըլլալով աշխատիլ երկու կողմերուն հետ` վերջնական նպատակ ունենալով շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել:
«Արձագանգելով Հայաստանի պահանջին` քաղաքացիական առաքելութիւնը կանոնաւոր հիմունքներու վրայ հսկողութիւն պիտի իրականացնէ` տեղեկութիւններ հաղորդելով իրավիճակի մասին, ինչ որ պիտի մեծցնէ Եւրոպական Միութեան իրազեկման մակարդակը: Առաքելութիւնը նաեւ պիտի աջակցի Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հովանիին ներքեւ ընթացող բանակցային գործընթացին», նշուած է Եւրոպական Միութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ առաքելութեան երկու տարուան լիազօրութիւն տրուած է, անոր կեդրոնատեղին պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ:
«Քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար նշանակուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական ծրագրաւորման բաժանմունքի ղեկավար Սթեֆանօ Թոմաթը», կը տեղեկացնէ Եւրոպական Միութիւնը` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ դիտորդներու գործողութիւններու համակարգող պաշտօնեայի անունը յայտնի պիտի դառնայ մօտ ապագային:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ